2011-03-12 12:25:43

Ճափոնի Ահաւոր Երկրաշարժը։ Աւելի Քան Հազար Մեռեալներ, Զոհերը Երկրաշարժին ու Ցունամիին։ ֆուքուշիմա-ի Միջուկային Կեդրոնին Մէջ Ստիպողական Վիճակ։ Սրբազան Քահանայապետի Ցաւն Ու Աղօթքը։


Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետը արտայայտեց իր խոր ցաւը ՝՝երկրաշարժի ու ցունամիի ողբերգական հետեւանքներուն համար՝՝ Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէիի ստորագրութիւնը կրող հեռագրին մէջ, ուղղուած ճափոնի Եպիսկոպոսաց Համահաւք Դասի Նախագահ Լէօ Եուն Իքէնակա-ի։ Սրբազան Քահանայապետը կ՝ապահովցնէ իր մօտիկութիւնը այս մեծ փորձանքէն տուժող Ճափոնի բոլոր բնակիչներուն ,աղօթելով բոլոր անոնց համար որոնք զոհ գացին բնութեան այս աղէտին ,հայցելով միաժամանակ ՝՝աստուածային օրհնութիւն՝՝ը զոհերու ընտանիքներուն ու բարեկամներուն համար,որպէսզի անոնք ունենան ՝՝ուժ եւ մխիթարութիւն՝՝. Նորին Սրբութիւնը ասկէ զատ կ՝արտայայտէ իր զօրակցութիւնը բոլոր անոնց՝ որոնք կ՝աշխատին օգնելու համար աղէտեալներուն։ Միւս կողմէ երկրաշարժէն մեծ վնաս կրող ֆուքուշիմայի Միջուկային Կեդրոնի շրջակայքը 10 քիլոմեթր շրջագիծով պարպուած է միջուկային հաւանական ճառագայթումներէ պահպանուելու դիտաւորութեամբ ։
՝՝Իսկապէս ահաւոր աղէտ մը՝՝ այսպէս արտայայտուած է Ճափոնի մօտ Առաքելական Նուիրակ Գերապայծառ Ալպէրթօ Պօթթարի Տէ Գասթէլլօ մեկնաբալով Վատիկանի Ռատիոկայանին սարսափազդու երկրաշարժը ու երկրաշարժին յաջորդող Ցունասմին որ հարուածեց Ճափոնը ։ Տասը մեթր բարձրութեամբ հսկայ ալիքները Թոքիոյէն 200 քիլոմեթր հեռու գտնուող հիւսիսային ցամաքամասը խուժելով իրենց հետ տարին ինչ որ գտան նոյնիսկ նաւակներ եւ ինքնաշարժեր։Մայրաքաղաքի մէջ կացութիւնը հանդարտ է (ըսած է Գերապայծառ Տէ Գասթէլլօ),եւ մենք ալ այժմ սկսանք կամաց կամաց կազմակերպուիլ,,նախ եւ առաջ տեղեկանալով Սէնտայի մասին ,երկրի մեծապէս տուժող վայրը,ուր արդէն հինգ օր առաջ ալ արծանագրուած էր ցնցում մը։ Ճափոնի մօտ Առաքելական Նուիրակը յայտնած է նաեւ որ մայրաքաղաք Թոքիոյի երկնաբերձ բազմայարկ շէնքերը ու աշտարակները բաւական շարժած են բայց դիմադրած են ահաւոր երկրաշարժին,յիշենք որ երկրաշարժը տեղի ունեցաւ Ռիխթէրի աստիճանաչափով 8,9 ուժգնութեամբ,եւ թէ վերջին 140 տարիներու ամենէն ուժգին երկրաշարժն է որ հարուածեց Ճափոնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.