2011-03-11 13:36:45

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Քարոզը Օր Մոխրոցի Առթիւ։


Չորեքշաբթի 9 մարտին, ըստ լատինաց, օր մոխրոց էր։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը պատարագ մատուցեց Սրբուհի Սապինայի անուան պազիլիքայի մէջ, եւ քարոզ մը արտասանեց հրաւիրելով քրիստոնեաները զգուշանալու՝ իրենց կատարած բարի գործերուն համար, ինքնագնահատանքի եւ ինքնահիացումի փորձութենէն։
Սրբազան Հայրը մատնանշեց նաեւ թէ Մեծ Պահքի սիւներն են` աղօթքը, ողորմութիւնը եւ ծոմապահութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը քրիստոնեաներէն խնդրեց ըլլալ ողջ պատգամ մը իրենց աւետարանական վկայութեամբ։ Արդարեւ դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը ՜՜հաւատացեալի քրիստոնէական վկայութիւնը միակ Աւետարանն է որ այսօրուայ մարդիկը կը կարդան։ Քրիստոնեաները պատասխանատուութիւնն ունին ապրուած հաւատքի վկայութիւն տալու աշխարհի մը որ նեղութիւններու մէջ կը տուայտի եւ պահանջքը ունի վերադառնալու առ Աստուած, պահանջքը ունի դարձի՝՝։
Ինչպէս ամէն տարի, Նորին Սրբութիւնը, նախ ուղղուեցաւ Ս. Անսելմօ եկեղեցին, ուր գլխաւորեց մոխիրի օրհնութեան արարողութիւնը ապա թափօրով ուղղուեցաւ Սանդա Սապինա Պազելիքան ընկերակցութեամբ կարտինալներու, եպիսկոպոսներու եւ պենետիկտեան ու տոմենիքեան վանահայրերուն։
Հինգերորդ դարուն կառուցուած եկեղեցւոյ մէջ, Նորին Սրբութիւնը իր քարոզը արտասանելէ ետք նախ ինք ընդունեց մոխիրը, որ իր գլխուն դրաւ կարտինալ Թոմգօ-ն եւ ապա իր կարգին մոխիր դրաւ ներկայ բոլոր եկեղեցականներուն ու հաւատացեալներուն։
Լատին եկեղեցւոյ համար Մեծ Պահքի տեւողութիւնը 40 օր է։ Եկեղեցիէն հաստատուած է որպէս պատրաստութիւն Քրիստոսի Չարչարանքի, Խաչելութեան, Մահուան եւ Փառաւոր Յարութեան։ Մեծ պահքին ընթացքին, հաւատացեալը հրաւիրուած է ապրելու այս շրջանը աղօթքով ծոմապահութեամբ եւ ողորմութեամբ։ Ծոմապահութիւնը կը կայանայ ինքզինք կերակուրէն զրկելու մէջ, հաւատացեալի տարիքին եւ առողջութեան համաձայն։ Խիստ պահեցողութիւնը երկու օր է, մոխրոց օրը եւ Աւագ Ուրբաթ օրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.