2011-03-11 12:53:11

Կործանարար Երկրաշարժը Կը Հարուածէ Ճափոնը։


Այս առաւօտ Իտալիոյ ժամով ,ժամը՝7-ին, 8.9 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժը ահաւոր ցնցում յառաջ բերաւ Ճափոնի մէջ ,խուճապի մատնելով բնակչութիւնը,հակառակ անոր որ Ճափոնցիները բաւական վարժ են եւ կազմակերպուած երկրաշարժներու պարագային ,արդարեւ քաղաքի շէնքերը շինուած են տոկալու համար ցնցումներուն ,նոյնիսկ այս պարագային երկնաբերձ բազմայարկ շէնքերը դիմադրած են,նկատի ունենալով այսօրուայ երկրաշարժի ուժգնութիւնը որ շատ զօրաւոր է։ Միայն Թոքիօ Թաուվըր Աշտարակի (որ մայրաքաղաք Թոքիոյի խորհրդանիշն է)միայն անոր ալեհաւաքը ծռած է։ Մինչ այդ ահազանգի վիճակի մէջ կը գտնուին որպէս պատրաստութիւն Ցունամիյի, այն է մակընթացային ալիքներու՝ Խաղաղական Ովկիանոսի ամբողջ երկայնքին,յատկապէս Փիլիպեան Կղզեախումբ,Էնտոնէզիա,Թաիուան ,Հոնտուրաս,Նոր Զէլանտա,Գոլոմպիա, Բերու այսինքնգրեթէ ամբողջ Հարաւային Ամերիկայ եւ Աւստրալիա,Ցունամիյիի վտանգէն զերծ կը մնան միայն Գանատան եւ Ամերիկան ։ Արդարեւ Ծովաշարժը յառաջ եկած է Ճափոնի հիւսիս-արեւելեան ծովեզերքէն 130 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ եւ 24 մեթր խորութեան մէջ։ 10 մէթր բարձրութեամբ ալիքներ ողողած են Ճափոնի ֆուքուշիմա եւ Սէնտաի քաղաքները։ Մեռեալներու թիւը առնուազն 95 ։








All the contents on this site are copyrighted ©.