2011-03-10 14:58:18

Քրիստոնեայ Իսլամ Բախումները Եգիպտոսի Մէջ, Պատճառած են 13 Զոհ։


Գահիրէի մէջ իսլամ ամբոխի մը եւ քրիստոնեայ ցուցարարներու միջեւ բախումները պատճառած են 13 զոհ եւ շուրջ 140 վիրաւոր: Քրիստոնեաները ցոյց կը կատարէին բողոքելու համար եկեղեցիի մը հրկիզումին դէմ: Իսլամները եկեղեցին հրկիզած էին իսլամի մը եւ քրիստոնեայի մը միջեւ սիրային արկածախնդրութեան մը պատճառով անոնց ընտանիքներուն միջեւ ծայր առած վէճին ստեղծած լարուածութեան մթնոլորտին մէջ: Ի դգպ 13 զոհերը փամփուշտ ստացած են:
Քրիստոնեայ ցուցարարները երեքշաբթի օրը, կարեւոր մայրուղի մը փակած էին` հրկիզելով անիւներ եւ քարկոծելով ինքնաշարժներ: Զայրացած իսլամ ամբոխ մը յարձակում գործած էր քրիստոնեայ ցուցարարներուն դէմ եւ երկու կողմերը շուրջ չորս ժամ տեւողութեամբ բուռն բախում մը ունեցած էին:
Անջատ դէպքի մը ընթացքին` առնուազն երկու անձեր վիրաւորուեցան, երբ Գահիրէի Ազատագրութեան հրապարակին վրայ հակառակորդ կողմեր զիրար քարկոծեցին: Բախումը տեղի ունեցաւ Ազատագրութեան հրապարակին վրայ նստացոյց կատարող երիտասարդներու եւ հրապարակին վրայ անոնց յարատեւ ներկայութենէն նեղացած եւ զանոնք այդ վայրէն հեռացնել փորձողներու միջեւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.