2011-03-10 14:33:19

Փաքիստանի Ազգային Ժողովը Այլ Կաթողիկէ Մը Կ՝'ընտրէ Որպէս Յաջորդ՝ Նախարար Շահպազ Պհաթիի Որ Անցեալ Շաբաթ Սպաննուեցաւ։


Փաքիստանի ազգային ժողովը 8 մարտին պաշտօնապէս ընտրած է կաթողիկէ եւ ժողովրդային կուսակցութեան պատասխանատուն՝ տիար Ժավէտ Մայքըլ , որպէս յաջորդը մոլեռանդ մահմետականներու կողմէ սպաննուած՝ փոքրամասնութիւններու նախարար Շահպազ Պհաթիին ։
50-ամեայ Ժավէտ Մայքըլ, Գարաշի ծնած, ճանչցուած է որպէս Խարիզմ ունեցող ցուցարար մը, արդարեւ՝ ան յաճախ ցոյցեր կազմակերպած է կրօնական փոքրամասնութիւններու ի խնդիր, միաժամանակ Ժաւէտ Մայքըլ կառավարութենէն յարգուած ու եկեղեցիէն ճանչցուած անձնաւորութիւն մըն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.