2011-03-10 14:22:27

Պենետիկտոս ԺԶ . Սրբազան Քահանայապետը Աւագ Ուրբաթ Օրը, Իտալիոյ Ազգային Հեռուստատեսիլի Առաջին Կայանէն Պիտի Պատասխանէ Հեռուստադիտողներու Հարցումներուն։


Յայտագրին նիւթն է ՜՜Քրիստոսի դիմագիծը՝՝։
Ասիկա առաջին անգամն է որ Քահանայապետ մը իր միջամտութիւնը կը բերէ հեռուստատեսիլի յայտագրի մը , պատասխանելով ուղղակի հետեւողներու հարցումներուն։ Նախաձեռնութիւնը արդիւնքն է Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին։ Մէկ ժամ 20 վայրկեան տեւող յայտագիրին ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը պիտի պատասխանէ հաւատացեալներու հարցումներուն։ Յովաննէս Պօղոս Բ եւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետները նախապէս իրենց միջամտութիւնները բերած էին պատասխանելու միմիայն լրագրողներու հարցումներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.