2011-03-10 15:02:06

ԼՕԽ.ի Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով Կլոր Սեղան -Զրոյց։


Կիներու միջազգային օրուան նախօրեակին՝ 7 Մարտին ԼՕԽ.ը՝ կնոջական այս կազմակերպութիւնը, չէր կրնար անտարբեր մնալ: Այս նկատառումով ալ անգամ մը եւս առիթը օգտագործուեցաւ լուսարձակները սփռելու կիներու իրաւունքներուն ձեռքբերման անհրաժեշտութեան եւ հայ իրականութեան մէջ կնոջ ու մանաւանդ հայ մօր ունեցած շինիչ դերակատարութեան վրայ:
Երկուշաբթի, 7 մարտին ԼՕԽ»ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ Կիներու միջազգային օրուան առիթով տեղի ունեցաւ կլոր սեղան-զրոյց մը` կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին: Կլոր սեղանին մասնակցեցան երիտասարդ գրող Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան, գեղանկարիչ Մարալ Փանոսեան եւ բեմադրիչ Լանա Քոչարեան-Ատրունի: Զրուցավարն էր Էլօ Հերկելեան:
ՀՕՄ-ի քայլերգին յոտընկայս ունկնդրութենէն ետք դաստիարակչական յանձնախումբին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Լենա Գալուստեան, որ նշեց, թէ 1978-էն ի վեր միջազգային մակարդակի վրայ 8 մարտը կը նշուի իբրեւ կիներու ազատագրութեան տօն: Գալուստեան նշեց, որ դարեր շարունակ կիները պայքարած են իրենց իրաւունքներուն ձեռքբերման համար, եւ զօրաւոր մարտնչումներէ ետք կրցած են ձեռք ձգել ուսման, ընտրելու եւ զանազան մարզերու մէջ այր մարդոց հաւասար դասուելու իրենց իրաւունքը:
Լենա Գալուստեան նաեւ անդրադարձաւ հայ իրականութեան մէջ կնոջ դերակատարութեան: Ան ընդգծեց, որ Զարթօնքի ժամանակաշրջանէն ետք հայ կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ կինը ունեցաւ իր որոշադրիչ դերակատարութիւնը: Այս ծիրին մէջ, Լենա Գալուստեան ընդգծեց, որ դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած այս կլոր սեղանին ընդմէջէն շեշտը պիտի դրուի լիբանանահայ գաղութին մէջ գրականութեան եւ արուեստի մարզերուն մէջ կիներուն ունեցած դերակատարութեան վրայ: Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ ձեռնարկի զրուցավար Էլօ Հերկելեան` ծանօթացնելու համար օրուան հիւրերը:
Էլօ Հերկելեան ընդհանուր ակնարկով մը անդրադարձաւ Կիներու միջազգային օրուան ծիրին մէջ հայ կնոջ իրաւունքներուն: Ան շեշտեց, որ նոյնիսկ հայ մշակոյթ եւ լեզուի էութեան խորթ է սեռերու միջեւ խտրականութիւնը: Այնուհետեւ Հերկելեան անդրադարձաւ պատմական զանազան ժամանակաշրջաններուն հայ կնոջ իրաւունքներուն ներկայացուցած ընդհանուր պատկերին, որուն մէջ առանցքային եղաւ 19-րդ դարը, երբ հայ կինը այլեւս կարելիութիւնը ունեցաւ Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ մէջ ուսում ստանալու: Էլօ Հերկելեան այս ժամանակաշրջանին մէջ առանձնացուց երկու կին դէմքեր` Սրբուհի Տիւսաբը եւ Զապէլ Ասատուրը, որոնք իրենց մշակած գրականութեամբ նախանշեցին կիներու իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը:
Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ընթացքին կիները ստացան իրենց իրաւունքները, 8 մարտը ի զօրու մնաց նաեւ խորհրդային ժամանակաշրջանին, իսկ այսօր` Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն ետք ամբողջ ամիս մը կը նուիրուի կիներուն` մարտէն ապրիլ: Էլօ Հերկելեան անդրադարձաւ նաեւ արցախեան ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ կիներուն ունեցած դերակատարութեան:
Էլօ Հերկելեան իր խօսքը փակեց Լեռնահայաստանի հերոսամարտի ղեկավար զօր. Գարեգին Նժդեհի հետեւեալ խօսքով. «Մայրերի ափերի մէջ է ազգերի ճակատագիրը»:
Այնուհետեւ կլոր սեղանին մասնակիցները հերթաբար ներկայացուցին իրենց փորձառութիւնները` նկատել տալով, որ իրենք ընկերութեան մէջ իրենց ունեցած այժմու դերակատարութիւնը չէին կրնար ունենալ, եթէ չըլլար իրենց շրջապատին եւ մանաւանդ ուսուցիչներուն քաջալերանքը: Երիտասարդ գրող Սալբի Քիւրքճեան- Թաշճեանին համար գիրք հասկացողութիւնը շատ սիրելի եղած է իր կանուխ տարիքէն: Ան խօսեցաւ այն մասին, թէ ի՛նչ հանգամանքներու մէջ մուտք գործած է գրականութեան լայն ասպարէզ` այս առնչութեամբ գլխաւոր մղիչ ուժ նկատելով Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի հայ գրականութեան դասախօս եւ «Բագին» ամսագիրի երկար տարիներու խմբագիր Պօղոս Սնապեանը, որ մնայուն կերպով քաջալերած էր զինք «Դժոխքի վարդը» խորագրեալ արձակ գրութիւնը ներկայացնելէ ետք:
Խօսք առաւ նաեւ գեղանկարիչ Մարալ Փանոսեան, որ նշեց, թէ միշտ ալ ուսուցիչներն են մարդու կեանքին մեծ դերակատարները: Ան ներկայացուց այն հանգամանքները, որոնց ծիրին մէջ գեղարուեստի իր ուսուցիչը քաջալերած էր զինք զբաղելու գեղանկարչութեամբ: Ան կոչ ուղղեց ներկայ գտնուողներուն, որ պատնէշներ եւ խոչընդոտներ չդնեն իրենց զաւակներուն առջեւ, այլ քաջալերեն զիրենք արուեստի մարզը որդեգրելու առումով:
Լանա Քոչարեան-Ատրունի շնորհաւորեց ներկաները 8 մարտի տօնին առիթով եւ քանի որ այդ տօնը կը զուգադիպի գարնան հետ, ան ներկաներուն մաղթեց սէր եւ գեղեցկութիւն: Ան նշեց, որ կինը ի տարբերութիւն տղամարդուն ունի ստեղծագործական միտք արուեստի մարզին մէջ: Ատրունի եւս նշեց այն հանգրուանները, որոնցմէ անցնելով ան դարձաւ բեմադրիչ:
Կլոր սեղանէն ետք ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Շողիկ Խաչատուրեան ընթերցեց Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեանի «Ժամանակէն անդին» գիրքէն «Անուշ աղբիւր» արձակ գործը, իսկ Սեւան Ադամեան երգեց Գուսան Ջիւանիի «Կռունկ»ը եւ «Եարը մարդու Եարա կու տայ» երգը:








All the contents on this site are copyrighted ©.