2011-03-10 13:30:24

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Մտահոգութիւնը Զինադադարի Խախտումներու Գծով։


ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները երէկ հրապարակուած յայտարարութեան մը մէջ մտահոգութիւն յայտնեցին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ զինադադարի դրութեան խախտման մասին հրապարակումներուն գծով:

ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքէջին վրայ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ հաստատուելու պարագային այսպիսի անիմաստ գործողութիւնները, պիտի հակասեն ուժի կիրարկումէն զերծ մնալու եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ձգտումներուն վերաբերեալ կողմերու յանձնառութեան:

Համանախագահները նշեցին, որ իրենք ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքէն խնդրած են շուտափոյթ հետաքննութիւն կատարել զինադադարի դրութեան խախտումներուն մասին հրապարակումներուն գծով: 5 մարտին Սոչիի մէջ ընդունուած յայտարարութեան համաձայն, բոլոր կողմերը պիտի մասնակցին հետաքննութեան:
Համանախագահները նաեւ տեղեկացուցին, որ յաջորդ շաբաթ Հարաւային Կովկաս պիտի այցելեն:
Բացի անկէ, անոնք խստիւ դատապարտեցին մարդկային կորուստի իւրաքանչիւր դէպք եւ կողմերուն խրատեցին ՝՝զսպուածութիւն՝՝ ցուցաբերել, յարգել 1994-ի զինադադարի համաձայնագիրը եւ կատարել հոկտեմբեր 2010-ին Ասթրախանի մէջ, եւ այս ամսուան սկիզբը Սոչիի մէջ ստանձնած իրենց պարտաւորութիւնները:







All the contents on this site are copyrighted ©.