2011-03-09 12:13:16

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի մարտ 9ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ։
Սրբազան Քահանայապետը այսօր իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Օր Մոխրոց-ին ըստ լատին եկեղեցւոյ ու մեծ պահքի շրջանին։
Սիրեցեալ Եղբայրներ ու քոյրեր, այսօր կը սկսի մեր ուղեւորութիւնը դէպի Զատիկը։
Այս տարուայ քառասնորդաց շրջանի Կիրակնօրեայ ընթերցումները կը հրաւիրեն մեզ, վերագտնելու Մկրտութեան Շնորհքը, եւ կը հրաւիրեն նորոգելու մեր հաւատարմութիւնը առ Աստուած, բոլորովին վստահելով անոր, ետ լքելով մեր մարդկային ապահովութիւնները։
Մկրտութեամբ կ՛անցնինք չարի խաւարէն դէպի Քրիստոսի լոյսը, դառնալով Աստուծոյ զաւակներ կանչուած ապրելու Յարուցեալին հոգիով։
Եկեղեցական սովորութեան համաձայն, քառասնորդաց շրջանը բնորոշուած է նաեւ ծոմապահութեամբ, ողորմութեամբ եւ աղօթքով։ Ծոմապահութիւնը եւ Ողորմութիւնը աղօթքի երկու թեւերն են։ Այս քառանորդաց շրջանին, հետեւինք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի, նորոգելով մկրտութեան մեր խոստումները։ Նուիրուինք աղօթքի եւ Աստուծոյ խօսքին մտածականին։ Հրաժարելով հին մարդէն եւ զգենուլ Նոր Մարդը՝ Քրիստոսը , որպէսզի կարենանք արժանապատութեամբ տօնախմբելու Քրիստոսի Յարութիւնը։ Արդիւնաւոր եւ Սուրբ Քարասնորդաց շրջան բոլորիդ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ու ապա յատուկ խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, Հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն Տիրոջմէն հայցելով որ առաջնորդէ զանոնք այս քառասորդաց շրջանին։ Ու ապա ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը բոլորին։








All the contents on this site are copyrighted ©.