2011-03-09 13:07:34

Կիներուն Միջազգային Օրուան Առթիւ Հայաստանի Քաղաքական Եւ Կրօնական Ղեկավարութեան Շնորհաւորութիւնները Հայ Կիներուն։


Կիներու միջազգային օրուան առիթով Հայաստանի եւ Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ շնորհաւորական ուղերձներ յղեցին հայ կիներուն:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց հայ կիները եւ ընդգծեց, որ կնոջ դերը թէ՛ հայ ընտանիքներուն, եւ թէ՛ հասարակութեան մէջ միշտ ալ բացառիկ եղած է: Ան յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը աշխարհի այն փոքրաթիւ պետութիւններէն էր, ուր կիներուն շնորհուած էր ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունք: Ըստ անոր, ուրախանալի երեւոյթ է, որ այսօր Հայաստանի հանրային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ կիները ստանձնած են իւրայատուկ դերակատարութիւն: Կիներու մասնակցութիւնը կը հարստացնէ հասարակական կեանքը եւ կ՛ամրապնդէ արժէքները, կ՛աւելցնէ հաւատքը եւ վստահութիւնը ապագային նկատմամբ:
«Դուք արժէքաւոր էք մեզի համար տարուան բոլոր օրերուն, իսկ այս տօնը պարզապէս գեղեցիկ առիթ մըն է արտայայտելու մեր սէրը եւ հիացմունքը, մեր յարգանքը եւ երախտագիտութիւնը ձեր նկատմամբ», շեշտեց նախագահ Սարգսեան:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան իր կարգին նշեց, որ այս պայծառ եւ գեղեցիկ տօնը նորէն առիթ մըն է ջերմ խօսքեր եւ բարեմաղթութիւններ յղելու Արցախի հերոս կիներուն, որոնք բազմաթիւ փորձութիւններ եւ դառնութիւններ կրած են, դարձած են ուժեղ եւ տոկուն եւ կանգնած են տղամարդոց կողքին` անոնց դժուար պահերուն:
Նախագահ Սահակեան յայտնեց, որ իրենք անկեղծօրէն կը հպարտանան կիներով, անոնց խիզախութեամբ եւ սխրանքով, ինչպէս նաեւ անոնց իմաստութեամբ եւ նուիրուածութեամբ, բարութեամբ եւ քնքշանքով: Ան բարձր գնահատեց կիներու` հոգատար մօր, սիրող կնոջ եւ հայրենի օճախի պահապանի տքնաջան աշխատանքը: Ան անգամ մը եւս շնորհաւորեց բոլորը եւ մաղթեց խաղաղութիւն, քաջառողջութիւն, երջանկութիւն եւ մեծագոյն յաջողութիւններ:
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս իր օրհնութիւնը եւ շնորհաւորութիւնները փոխանցեց կիներուն եւ օրիորդներուն` Կիներու միջազգային օրուան առիթով:
Վեհափառը յայտնեց, որ այսօր բոլոր ասպարէզներուն մէջ իրենց գործունէութեամբ եւ գովարժան ձեռքբերումներով, իրենց նուիրումով եւ նախանձախնդրութեամբ կիները կ՛առատացնեն խնամքը եւ հոգածութիւնը մեր կեանքին մէջ, նպաստ կը բերեն հայրենիքի շենացման, ազգային եւ մշակութային մեր կեանքի յառաջընթացին:
Ան աղօթեց եւ մաղթեց, որ գարնանաշունչ այս ուրախաբեր տօնը բերկրանք եւ ջերմութիւն բերէ համայն կիներու եւ օրիորդներու սրտերուն եւ Աստուծոյ ամենախնամ Սուրբ Աջը օրհնէ եւ շնորհազարդէ անոնց կեանքը բարիքներով, խնդութեամբ, հայրենի սուրբ աւանդներով մեծցնեն, կրթեն եւ դաստիարակեն հայ ազգի զաւակները` ի բարօրութիւն հայրենական կեանքի շէնութեան եւ զարգացման:












All the contents on this site are copyrighted ©.