2011-03-08 13:08:30

Կարդինալ Սանտրի կ'այցելէ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պատրաիրքարանին մէջ


Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պատրաիրքարանին մէջ ընդունեց այս առաւօտ ժամը 11.30-ին Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի նախագահ Կարդ. Լէոնարտօ Սանտրին, որ Լիբանան կը գտնուի մարոնիթ պատրիարքին հրաժարականի ընդունման եւ անոր ի պատիւ մատուցուած սուրբ Պատարագին եւ հանդէսին մասնակցելու:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ Կարդ. Սանտրիի միջեւ շքախումբին ծանօթացումէն ետք խօսակցութիւնը հիմնական հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Լիբանանի մասին էր: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ներկայացուց հայ կաթողիկէ եկեղեցին Լիբանանի մէջ իր հաստատութիւններով:

Կարդինալին կ'ընկերանային Լիբանանի մօտ պապական նուիրակ՝ Կապրիելէ Քաչային, Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի ենթաքարտուղար՝ Մաուրիցիօ Մալվեսդիդիի եւ այլ քարտուղարներուն:
Իսկ Պատրիարքարանին մէջ կարդինալը ընդունեցին Արհի. Արհի. Վարդան Աշքարեան եւ Յովհաննէս Թէյրուզեան, հայր Վարդան Գազանճեան, տէր Աւետիք Յովհաննէսեան եւ Տէր Կարապետ Թադէոսեան:
Կարդինալը իր մեկնումէն առաջ ոսկեմատեանին մէջ գրեց հետեւեալը. «Լաւագոյն մաղթանքներ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատիրարքին եւ համայն հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ... որ ըլլայ միշտ հաղորդակալ եւ վկայ Աւետարանին՝ լիօրէն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մաս կազմելու ուրախութեամբ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.