2011-03-08 11:42:39

«Թուրքիոյ Մէջ Էրեկենքոնի Հարցը Կ՛Օգտագործուի Ընդդիմադիր Լրագրողները Լռեցնելու Համար» Կը Գրէ Անգլիական «Թայմզ» թերթը.


«Թայմզ» պարբերաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած ձերբակալութիւնները կարծես կը վկայեն, թէ այդ երկրին մէջ ՝՝Էրկենեքոնի գործը՝՝ ընդդիմութիւնն ու ընդդիմադիր լրատուամիջոցները լռեցնելու իբրեւ գործիք կ՛օգտագործուի:
«Երբ Թուրքիոյ մէջ Էրկենեքոն գաղտնի կազմակերպութեան դէմ հետաքննութիւն սկսաւ, ատիկա կ՛ընկալուէր իբրեւ յառաջդիմական եւ համարձակ քայլ մը: Սակայն այդ գործին դատավարութիւնը շուրջ չորս տարիէ ի վեր կը շարունակուի եւ որեւէ շօշափելի արդիւնք չէ արձանագրած: «Այնպիսի տպաւորութիւն ստեղծուած է, որ կարծես այդ գործը կ՛օգտագործուի ընդդիմադիր լրատուամիջոցները եւ ընդդիմութիւնը լռեցնելու համար», կը գրէ «Թայմզ»` ընդգծելով, որ կալանաւորուած յայտնի լրագրողներ «Նետիմ Շեները ու Ահմեթ Շըքը միջազգային հանրութեան յարգանքը վայելող այն լրագրողներէն են, որոնք Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւանց ոտնահարման դէպքերու լուսաբանման հարցին մէջ աշխատանքներ կատարած են»:








All the contents on this site are copyrighted ©.