2011-03-07 13:47:00

Մօտ Օրէն Լոյս Կը Տեսնէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ''Նազովրեցի Յիսուսը'' Վերտառութեամբ Երկրորդ Հատորը`։


՜՜Առանց ճշմարտութեան, մարդը կարող չէ ըմբռնել իր կեանքի նշանակութիւնը՝՝։
Սրբազան Քահանայապետին այս երկրորդ հատորը ''Նազովրեցի Յիսուսը'' նիւթին մասին, կը խօսի մասնաւորապէս Քրիստոսւի Չարչարանքի ու Յարութեան մասին։ Նորին Սրբութիւնը այս հատորին մէջ երկարօրէն կ'անդրադառնայ ճշմարտութեան նիւթին, ու անոր կապին քաղաքականութեան հետ։ Նոյնպէս Սրբազան Հայրը որոշ լուսաբանութիւններ կու տայ հրեաներու պատասխանատուութեան մասին Յիսուսի մահուան դատապարտութեան համար։
Հատորը կը պարունակէ 9 գլուխներ եւ նախաբան մը։
Առաջին գլուխը` կը շօշափէ ՜՜Յիսուսի մուտքը Երուսաղէմ ու տաճարին մաքրագործումը՝՝ նիւթը։
Երկրորդը` նուիրուած է ՜՜Յիսուսի ճառը անդիականութեան մասին՝՝ բնանիւթին, որուն մէջ շօշափուած են Երուսաղէմի կործանումը, վերջին դատաստանը եւ աշխարհին վերջը նիւթերը ։
Երրորդ բաժնի մէջ, կը յիշուի ՜՜աշակերտներու ոտքերու լուացումը՝ Յիսուսի կողմէ՝՝ ուր կը նշուի նաեւ ՜՜ դաւաճանութեան խորհուրդը`Յուդան, եւ Յիսուսի երկու խօսակցութիւնները Պետրոսի հետ՝՝։
Չորրորդին մէջ, Քահանայապետը կը խօսի ''Յիսուսի քահանայական աղօթքին'' մասին։
Հինգերրորդ գլուխը, ամբողջովին նուիրուած է ''վերջին Ընթրիքին'' եւ Ս. Հաղորդութեան հաստատութեան աստուածաբանութեան մասին։
Վեցերորդ գլուխին մէջ Սրբազան Հայրը կը վերակոչէ Գեթսեմանին եւ կը նկարագրէ Տիրոջ աղօթքը։
Եօթներորդ գլուխը նուիրուած է Յիսուսի դատավարութեան ատեանին առջեւ, Մեծ Քահանայապետին ու Պիղատոսի դիմաց։
Ութերորդ գլուխը կը խօսի Յիսուսի խաչելութեան, թաղման ու մահուան մասին։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը մասնաւորապէս կը խորհրդածէ Յիսուսի խաչին վրայ արտասանած խօսքերուն մասին, անոր թողլքուած վիճակի մասին, թէ ինչպէս զգեստները բաժնուելու համար վիճակ ձգեցին, ու խաչին ոտքը կեցած կիներուն մասին։
Իններորդ եւ վերջին գլուխը նուիրուած է Յիսուսի Յարութեան ու անոր պատմական նշանակութեան։
Սրբազան Քահանայապետը կը խօսի Յիսուսի թաղումէն ետք երրորդ օրուայ թափուր գերեզմանի խորհուրդին մասին, օրը՝ Յիսուսի յարութեան, եւ առաջին վկաներու մասին։
Իսկ Նախաբանը նուիրուած է Յիսուսի համբարձման, յարութենէն 40 օր ետք։








All the contents on this site are copyrighted ©.