2011-03-07 12:46:54

Կիրակնօրեայ Վարժարաններու 80-ամեակը, Բարեկենդանի Նշում Սրբոց Քառասնից Մանկանց Ազգային Վարժարանի Սրահին Մէջ-Լիբանան։


Կիրակնօրեայ վարժարաններու 80-ամեակի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2011 տարին «Հայ մանուկի տարի» հռչակուելուն առիթով`
Պէյրութի Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի սրահին մէջ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարանները տօնախմբեցին Բարեկենդանը:
Կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ մարմնին անունուվ Ժանին Մարգարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ բացատրեց Բարեկենդանի իմաստը` աւելցնելով, որ Բարեկենդան կը նշանակէ բարի կեանք եւ կը խորհրդանշէ երկինքի արքայութիւնը: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ հանդիսութեան ներկայ կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտներէն պիտի ընտրուին լաւագոյն 3 ծպտուած տիպարները: Մթնոլորտը խանդավառեց «Բարեւ փոքրիկներ» խումբը։
Իւրաքանչիւր կիրակնօրեայ վարժարանէ՝ 5 աշակերտներ նախապէս նշանակուած՝ իրենց տեսուչներուն կողմէ բեմ հրաւիրուեցան ու դատական կազմը անոնց մէջէն ընտրեց լաւագոյն երեքը: Աւարտին խօսք առաւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ մարմնի պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան, որ գոհունակութիւն յայտնեց սոյն հաւաքին համար, նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց կիրակնօրեայ վարժարաններու բոլոր տեսուչներուն, որոնք սատարեցին ձեռնարկին յաջողութեան, Հանդիսութեան աւարտին բոլոր աշակերտները ստացան նուէրներ` տրամադրուած կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ մարմնին կողմէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.