2011-03-06 14:27:55

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։ Ապա կոչը Ասիայի բոլոր ժողովուրդներուն համար հաւասար կրօնական ազատութիւն։ Հուսկ հայրական խօսքը Լիպիայէն հեռացած հազարաւոր մարդոց օգնութեան հասնելու համար։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։ Ապա կոչը Ասիայի բոլոր ժողովուրդներուն համար հաւասար կրօնական ազատութիւն։ Հուսկ հայրական խօսքը Լիպիայէն հեռացած հազարաւոր մարդոց օգնութեան հասնելու համար։
կիրակի 6 մարտ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոոյրեր
Քրիստոս, այս կիրակի օրուայ Աւետարանին մէջ, կը հրաւիէ մեզ կառուցելու մեր տունը ամուր հաւատքին ու Աստուծոյ խօսքին վրայ։
Հաւատարմութիւնը անոր պատուիրաններուն մեզ կը մղէ բարիք կատարել ու հեռանալ այն բոլոր ընտրութիւններէն որոնք դէպի մահ կը տանին։ Մկրտութեան օրը որդեգրեցինք ուրախ եւ սքանչելի կեանք մը։ հիմա որ կը պատրաստուինք պահքի շրջանի մէջ մտնել ի պատրաստութիւն Քրիստոսի չարչարանքին, մահուան ու փառաւորեալ յարութեան, ձեզմէ կը խնդրեմ որ խորհրդածէք Տիրոջ մեզի տուած մեծ շնորհքին` քրիստոնեայ ըլլալու շնորհքը։ Անվիրապահ` Յիսուսի հետեւինք, թող տալով որ Սուրբ Հոգին մեզ առաջնորդէ կեանքի ճանապարհին վրայ։
Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի կիրակի եւ բարի ծոմապահութիւն։
Այս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը կոչ մը ուղղեց կրօնական ազատութեան ի խնդիր։ Միշտատեւ կր հետեւիմ աշխարհի վրայ տեղի ունեցած լարուածութիւններուն, մասնաւորապէս այս օրերու ականատես ենք Ափրիկէի եւ Ասիայի զանազան վայրերուն մէջ տեղի ունեցող ցաւալի լարուածութիւններուն։ Մեր Տիրոջ Յիսոսէն կը խնդրեմ որ Փաքիստանի մէջ տեղի ունեցած յուզիչ զոհաբերում նախարար Շահպազ Պհաթիի առիթ ըլլայ արթնցնել խիղճերը քաջութեամբ ու յանձնառումով պահպանլելու կրօնական ազատութիւնը բոլոր մարդոց եւ այսպէսով բոլորին հաւասարապէս երաշխաւորուի արժանաւորութիւնը։ Նոյնպէս իմ միտքս կ'երթայ դէպի Լիպիա, ուր վերջին հակամարտութիւնները պատճառ դարձան շատերու մահուան ու մարդկային աճուն տագնապին։ Բոլոր զոհերուն եւ բոլոր անոնց որ կը գտնուին դժուար ու անձկագին պայմաններուն մէջ կ'երաշխաւորեմ իմ աղօթքը ու իմ մօտիկութիւնս, մինչ կը հայցեմ բոլոր տառապողներուն համար օգնութիւն եւ հոգատարութիւն։
Իսկ այժմ լսելի կ'ընենք Սրբազան Քահանայապետին տուած օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.