2011-03-06 10:53:58

ՀԱՅԱԶԳԻ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԴԷՄՔԵՐ։
ԱՆՆԱ ԿԱՍԵԱՆ։ Օփերայի երիտասարդ հայ երգչուհին։


Վրաստան ծնած տաղանդաւոր այս հայուհին իր երաժշտական ուսումը սկսած է դաշնակ եւ ջութակ նուագելու դասընթացքներով ՝՝ նկատառելի ձիրքերով օժտուած փոքրիկներու յատուկ երաժշտանոց դպրոցին մէջ՝՝ Թիֆլիս, Վրաստան։
Ան իր առաջին ելոյթը իրագործած է 8 տարեկանին, նուագախումբի մէջ ջութակի մենակատարութեամբ։ 1999ին ընդունուած է Թիֆլիսի պետական երաժշտանոցի ջութակահարներու բաժինը։ Այդ ժամանակամիջոցին արուեստագիտուհին կը հետաքրքրուի նաեւ երգով եւ այնուհետեւ կը շարունակէ ուսումը ձայնամարզումով՝ նոյն երաժշտանոցին մէջ։ 2003ին կը հաստատուի Փարիզ, ուր կը յաճախէ Ecole Normale de Musique in Paris Alfred Cortot ուսումնարանը եւ կրթաթոշակի արժանանալով կը տիրապետէ 2004ին օփերայի, 2006ին կատարողութեան եւ 2008ին համերգներու մենակատարուհիի աստիճանները 22 տարեկանը հազիւ բոլորած՝ կ՝ընդունուի Conservatoire Superieur de Musique et de Dans in Paris, ուր կը կատարելաործէ իր մասնագիտութիւնը։ Աննա Կասեան մասնակցած է բազմաթիւ միջազգային մըրցոյթներու եւ արժանացած առաջին, երկրորդ եւ երրորդ դիրքի մրցանակներուն։ 2008ի Մայիսին կը մասնակցի Պելճիքայի ՝՝Էլիզապէթ Թագուհի՝՝ միջազգային մրցոյթին . Իր բարձրորակ կատարողութեամբ ան կարժանանայ առաջին մրցանակին։ 2006ին Կնոջական առաջին մրցանակը (Womens First Prize) տրուած Աննա Կասեանի կը հաստատէ անոր խոստմնալից ապագան։
Աննա Կասեանի երգացանկին մաս կը կազմեն աշխարհահռչակ հայ եւ օտար յօրինողներու գործերու կատարումները, որոնց համար ան արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու։ Ան ելոյթներ ունեցած է Carnegie Hall, Opera de Geneve, Salle Cortot in Paris, Cite de la musique, Սէն Փեթերզպուրկի, UNESCOի եւ այլ հանրածանօթ համերգասրահներու մէջ, ինչպէս նաեւ հոգեւոր երգերու կատարումով, եկեղեցիներու յարկին տակ, հմայելով ունկնդիր հաւատացեալները։
Աննա Կասեան այս օրերուն 4-5-եւ 6 մարտին ելոյթներ ունեցաւ Աթէնքի մէջ,Օնասիօ Մշակութային Կեդրոնի սրահը։








All the contents on this site are copyrighted ©.