2011-03-05 12:19:54

Վիպասան Անթոնիա Արսլան Կլենտէյլ-ի Մէջ Յառաջիկայ 18 Մարտին։


Կազմակերպութեամբ «Ապրիլ» գրախանութին, Հայկական յիշատակումի կեդրոնին ու UCLA-ի Հայ լեզուի եւ մշակոյթի բարեկամներ կազմակերպութեան, Ուրբաթ, Մարտ 18ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած «Արտոյտներու Ագարակը» հատորի հեղինակ իտալահայ Անթոնիա Արսլանի հետ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ:
Հատորը պիտի ներկայացնէ Աթինա Յարութիւնեանը, իսկ հատորին հիման վրայ իտալացի ծանօթ կինոհան Թավիանի եղբայրներուն բեմադրած շարժապատկերին մասին պիտի խօսի փրոֆ. Սիոպան Նեշ Մարշըլ, որ նաեւ պիտի ցուցադրէ ֆիլմէն հատուածներ:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի հանրային գրադարանի սրահին մէջ: Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:









All the contents on this site are copyrighted ©.