2011-03-05 12:20:50

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Մարտ Ամսուայ Արարողութիւնները


Մարտ ամսուայ ընթացքին Նորին Սրբութիւնը պիտի նախագահէ հետեւեալ արարողութիւններուն։
Չորեքշաբթի 9 մարտին յետ միջօրէի ժամը 16.30ին Նորին Սրբութիւնը` Սուրբ Անսելմի նուիրուած տաճարին մէջ պիտի նախագահէ ՜՜օր մոխրոց՝՝ի արարողութեան։
Կիրակի օրը, 13 մարտին՝ ՜՜Րէտէմբթորիս Մաթէր՝՝ քահանայապետին մատրան մէջ, սկիզբ կ՛առնէ Հռոմի Թեմի կղերին քառասնորդաց շրջանի Հոգեւոր կրթութիւնը որ վերջ կը գտնէ շաբաթ 19 մարին։ Կիրակի մարտ 20ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը օծումը կը կատարէ Սուրբ Գորպինեանոս -ի նուիրուած՝ Հռոմի Ինֆերնեթթօ շրջանի մէջ կառուցուած նոր եկեղեցւոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.