2011-03-05 12:20:23

Ղարաբաղի Հանրապետութեան Զօրակցութեան Համաժողով Փարիզի Մէջ։


Փարիզի մէջ, Ի յիշատակ Սումգայիթի ջարդերուն, 28 փետրուարի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ համահաւաք մը, Փարիզահայ համայնքի զաւակներուն, "meeting de soutien à la république du haut Karabakh" (Ղարաբաղի Հանրապետութեան զօրակցութեան համաժողով...) անուան տակ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ՝ հարիւրաւոր ազգայիններ, հայկական քաղաքական, մշակութային, երիտասարդական շարժումներու ներկայացուցիչներ. ներկայ էին նաեւ Փարիզի երեք համայնքապետերը, ու նաեւ ֆրանսացի երեսփոխաններու, քաղաքապետերու եւ ֆրանսական զանազան կուսակցուկցութիւններու պատասխանատուներ։
Խօսք առաւ Ղարաբաղի ֆրանսայի ներկայացուցիչը Յովհաննէս Գէորգեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց ՜՜աջակցութեան համար Ղարաբաղին՝՝ յիշեց թէ ՜՜ինչպէս մեր երիտասարդ զինուորները կրցան ազատագրել մեր սուրբ հողը՝՝։ Խօսեցաւ նաեւ փարիզի քաղաքապետարանի անդամ ՝ ալէքսի Կէովճեան ըսելով որ ամէնքս պէտ ք է աշխատինք հասնելու համար մեր նպատակին։ Ապա, Ղարաբաղէն Պրն. Յովիկ Դանիէլեան՝ որպէս վերապրող այս ջարդէն, եկաւ վկայելու եւ պատմելու թէ ինչպէս թուրք եւ ազերի զինուորները յարձակեցան իր եւ իր ընտանիքին վրայ, թէ ինչպէս այրեցին իր տունը եւ սպաննեցին իր ընկերները...
Խօսք առաւ նաեւ ֆրանսայի հայ դատի գրասենեակի պատասխանատուն՝ Հրաչ Վարժապետեան որ քաջալերեց երիտասարդներ կառչելու իրենց սուրբ դատին, պատրաստ ըլլալու պաշտպանելու Ղարաբաղը, դարձնելու Արարատ եւ ինչո՞ւ չէ յարձակելու մինչեւ ՊԱՔՈՒ...
Վերջին խօսքը տրուեցաւ Ալֆորվիլի քաղաքապետին՝ հայոց մեծ բարեկամին, որ ըսաւ որ պէտք չէ երբեք մոռնալ Ղարաբաղն ու Հայ Դատը, պէտք է սորվեցնել նոր սերունդին, որ միշտ աջակցին ղարաբաղի ժողովուրդին՝ հասնելու անկախ, ազատ եւ յաջող Ղարաբաղի հանրապետութիւն ունենալու։








All the contents on this site are copyrighted ©.