2011-03-05 12:24:39

Հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագ Փաքիստանի նախարար Շահպազ Պհադիի հոգւոյն, նախագահութեամբ Միջկրօնական Երկխօսութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահ՝ Կարտինալ Թոռանի։


Կիրակի 6 մարտին յետ միջօրէին կազմակերպութեամբ Իտալիոյ մէջ Քրիստոնեայ Փաքիստանցիներու ընկերակցութեան, Հռոմի մէջ տեղի կ՛ունենայ Հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագ մը նուիրուած՝ Փաքիստանի փոքրամասնութեան Կաթողիկէ Նախարար՝ Շահպազ Պհադիի հոգւոյն։ Սրբազան արարողութիւնը կը նախագահէ Միջկրօնական Երկխօսութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահը՝ Կարտինալ Ժան Նուի Թոռան։ Նշենք թէ Շահպազ Պըհաթթի առաջին կաթողիկէն էր որ կը գտնուէր նման պաշտօնի մը վրայ, եւ արեան գնով պաշպանած էր կրօնական ազատութիւնը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.