Սկովտիոյ Մէջ Բացուած Է Հայկական Մշակոյթի Ցուցահանդէսը:
Փետրուար 11ին, Էտինպըրկի Սկովտիոյ ռուսական հիմնարկին մէջ (Scotland Russia Institute)
բացուած է հայ մշակութային ցուցահանդէս մը, որ կազմակերպուած է Լոնտոնի մօտ Հայաստանի
դեսպանութեան ու «PRO ART» ընկերութեան միացեալ ջանքերով: Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ
մինչեւ Մարտ 20. ընթացքին կը ցուցադրուին Հայաստանը ներկայացնող հանրայայտ հայ լուսանկարիչներու
գործեր, ինչպէս նաեւ՝ բրիտանահայ գիտնական Վրէժ Ներսիսեանի կողմէ Լոնտոնի Բրիտանական
գրադարանէն բերուած հայկական մանրանկարներու հաւաքածոն: