2011-03-04 15:01:30

Հայ Կաթողիկէ Վարժարանի Առաքելութեան Մասին Հայրապետական Պատգամ


Պէյրութ-
Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի ստորագրութեամբ ի լոյս ընծայուեցաւ նոր հայրապետական պատգամ մը «ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ» հարցը վերլուծող, 2011-ի Վարդանանց նահատակաց տօնին առթիւ, «Տուեալ ի Կաթողիկոսական Աթոռոյն ի Զմմառ»:
«Ազգային մեր ինքնութիւնը պահելու ուղիով այսօր աւելի քան երբեք հրատապ կը թուի եւ մեր դիմաց կը ծառանայ հայեցի դաստիարակութեան հարցը եւ անոր լուծումին հրամայականը» կ'ըսէ Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը իր այս պատգամին յառաջաբանին մէջ:
Ան կը հաստատէ թէ. «Կարելի չէ հայ վարժարան անուանել այն կրթական հաստատութիւնը, որուն մէջ հայերէնի ... դասապահերը հետզհետէ կը նուազին ...» ու կը շեշտէ հարց տալով թէ. «Ինչպէ՞ս կարելի է հայ կաթողիկէ վարժարան կոչել այն դպրոցը, ուր քրիստոնէական դասաւանդութիւնը կը նահանջէ քանակով ու որակով, եւ հոն ուր սուրբ Պատարագի մատուցումը աշակերտներուն, վերապահուած է տարուան լոկ մեծ տօներուն»:
Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը կը պարզէ նաեւ «այն համոզումը», որ «հարկ է գտնուին տեղական չափանիշով լուծումներ, գերազանցելու այս մտահոգիչ վիճակը մեր կրթական հաստատութիւններուն»:
Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը կը բացայայտէ յատուկօրէն հայ կաթողիկէ դպրոցը յատկանշող այն զօդը, «զոր կը պահպանէ Եկեղեցւոյ եւ անոր Նուիրապետութեան հետ եւ այս գրաւականը կ’ապահովցնէ, որ դաստիարակութիւնը հիմնաւորուած ըլլայ կաթողիկէ հաւատքի սկզբունքներուն վրայ եւ անոր ուսուցումը կատարուած ըլլայ ուսուցիչներու կողմէ, որոնք ընտրուած ըլլան իրենց հաւատքի տուեալներու ճշգրտութեան ու կեանքի անբասիր վարքի հիման վրայ»:
«Հայ կաթողիկէ կրթական հաստատութեան պարտականութիւնն է, կը գրէ հոգեւոր տէրը, ապահովցնել, որ հայ աշակերտը կարենայ ներդաշնակօրէն զարգացնել իր ... կարողութիւնները»:
Ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ այս նամակը աննախընթաց է իր պարունակութեամբ եւ գծած հեռանկարով: Ան կ'առաջարէ ծրագրել տաս տարուան վրայ երկարող գործընթաց մը, որպէսզի «Դարերու վրայ երկարող հարուստ աւանդը իր կենսունակութիւնը ... յայտնաբերէ իմաստուն վերանորոգումի մը կարողականութեամբ»: Ապա հոգեւոր տէրը կը փակէ ըսելով. «Անհրաժեշտ է, որ մեր ժամանակներուն եւս, հայ կաթողիկէ դպրոցը կարենայ իր գործօն, համոզիչ եւ էական ներդրումը բերել ի սփիւռս աշխարհի տարածուած մեր հայ երիտասարդ նորահաս սերունդին»:








All the contents on this site are copyrighted ©.