2011-03-04 14:11:35

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵՆԷՆ


Պոլսահայ երգիչ եւ թմբկահար Արթօ Թունջպոյաճեան։
Հայազգի երգիչ՝ Արթօ Թունջպոյաճեան ծնած է Պոլիս՝ 1957-ին, հայ ժողովրդային երաժշտութեան ստեղծագործող եւ կատարող ճանչցուած հայ երգիչը նաեւ բազմագործիքային աշխարահռչակ ՜՜Հայկական Նաւատորմ՝՝ Խումբի ղեկավարն էր, եւ երաժշտական ՜՜ՍերԱրթ՝՝ նախագծի համահեղինակը Սերժ Թանքեանի հետ։

Ան իր ասպարէզը սկսաւ նուագելով ու գործակցելով աւելի քան 200 արուեստագէտներու հետ յատկապէս Եւրոպայի մէջ։
Կը տեղափոխուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ու կը շարունակէ երաժշտութեան հանդէպ իր մեծ սէրը, աշխատակցելով՝ բազմաթիւ ՜՜Ժազ՝՝ երաժշտութեան արթիսթներու հետ. անոնցմէ յիշենք Չէթ Պէյքըր, Ալ Տի Մէօլա եւ Ճօ Ծավինուլ , որմէ ետք իր սեփական խումբը կը կազմէ ուր ոչ միայն երգիչն էր այլեւ երաժշտութեան ղեկավարը։ Այսպէս է որ կը կազմէ ՜՜Armenian Navy Band՝՝ ՜՜Հայկական Նաւատորմ՝՝ նուագախումբը։ Արթօ Թունջպոյաճեան գործակցած է նաեւ թուրք երգչուհի Սէզէն Աքսուի եւ յոյն երգչուհի Էլէֆթէրիա Արվանիթաքիի հետ։
Իր ՜՜Այլէ Մուհապպէթի՝՝ ալպոմի երգերը (որպէս նուագակցութիւն) մաս կազմած են (2001-ին) ՜՜ Hemso ՝՝ ժապաւէնին եւ (2004-ին)՝ ՜՜Mon père est ingénieur՝՝ ժապաւէնին ։
Այս շրջանին մեծ ժողովրդականութիւն կ՝ունենայ ան եւ կը դառնայ ՜՜ Նայթ Արք՝՝ նուագախումբի հիմնադիրներէն մին, եւ լոյս կ՝ընծայէ անոնց հետ հինգ Ալպոմներ. Փիքչըր, Մօմէնթս, Ին Ուօնտըրլանտ, փէթալզ ան եուր բէաթ եւ Թրիժուրս-ը։
Ապա կը միանայ Սերժ Թանգեանին, Ամերիկահայ ՜՜Սիսթըմ աֆ է Տաուն՝՝ խումբին, որոնց հետ կը գործէ դառնալով երաժշտական ՜՜ՍերԱրդ նախագծին համահեղինակը։ Ունի նաեւ այլ երաժշտական նշանաւոր կտորներ։
Ինչպէս ըսինք Արթօ Թունջպոյաճեան բազմաթիւ երաժշտական գործիքներ կը նուագէ, նաեւ երգիչ ու երգահան է, ունի նաեւ արդիական այլ յատկութիւն որ է՝ ՜՜կը նուագէ ապակիէ շիշեր գործածելով՝՝ կը նուագէ նաեւ հայկական գործիքներ՝ տուտուկը, սազապոն եւ Պուլարը։ Իր հեղինակած կտորները քաղցրահնչիւն են, յատկանշուած հայկական ժողովրդական երաժշտութեամբ, յաճախ նաեւ՝ առանց խօսքերու (միայն նուագով)։
Հայազգի Արթօ Թունջպոյաճեան կը սկսի նուագել 1968-ին 11 տարեկանին, իր եղբայրը Օննօ Թունջպոյաճեան եւս երաժիշտ էր որ օդանաւային արկածով իր մահկանացուն կնքեց 1996-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.