2011-03-03 12:45:41

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Մայիսին Հովուական Այցելութիւն Կը Կատարէ Աքուիլէայի եւ Վենետիկի Թեմերուն։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 7-8 մայիս, հովուական այցելութիւն կը կատարէ Աքուիլէայի եւ Վենետիկի թեմերուն եւ որուն ընթացքին պաշտօնապէս բացումը կը կատարէ Հիւիս-Արեւելքի թեմերու եկեղեցական նախապատրաստական երկրորդ Գիտաժողովին՝ աշխատանքներուն։
Հովուական այցելութեան յայտագիրը կը նախատեսէ.
Շաբաթ 7 մայիսի յետմիջօրէին՝ Նորին Սրբութիւնը կը հասնի Աքուիլէա` հովուական այցելութեան առաջին հանգրուանը։
Հռոմէական ծագում ունեցող Աքուիլէա քաղաքը չորրորդ դարուն եղաւ Իտալիոյ հիւիս-արեւելեան շրջանի քրիստոնէական կեդրոնը։ Նորին Սրբութիւնը իր առաջին ճառը կ'արտասանէ Աքուիլէայի պազելիքային հրապարակը , որմէ ետք պահ մը պիտի ամփոփուի չորրորդ դարուն կառուցուած պազելիքային մէջ, որ նախապէս եղած է երբեմնի պատրիարքութեան աթոռանիստ եկեղեցին։
Ապա Նորին Սրբութիւնը ինքնաթիռով կը մեկնի Վենետիկ, այցելութիւն կը կատարելու Վենիտիկի Ս. Մարկոս աշխարհահռչակ պազելիքան։
Կիրակի 8 մայիսին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պիտի հանդիսապետէ պատարագը Իտալիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանի բոլոր հաւատացեալներու դիտաւորութեան համար։ Կը նախատեսուի մասնակցութիւնը նաեւ սահմանամերձ երկիրներէն՝ Աւստրիոյ, Սլովենիայի եւ Խրուաթիայի բազմաթիւ ուխտաւորներուն։
Յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը հանդիպում կ'ունենայ, Ս. Մարկոսի անուան պազելիքայի մէջ, Վենետիկի պատրիարքութեան երրորդ համաժողովին փակման, որուն կը մասնակցին շրջանի եկեղեցական ընկերակցութիւնները, կրօնաւորներն ու կրօնաւորուհիները, ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները։ Այդ հանդիպումին աւարտին, պազելիքայի հրապարակէն Նորին Սրբութիւնը կ'ողջունէ Վենետիկի բնակիչները։ Հուսկ ''Առողջութեան Պազելիքայ՝՝ի մէջ Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում կ'ունենայ մշակոյթի, գեղարուեստի եւ տնտեսութեան աշխարհին հետ եւ որուն աւարտին բացումը կը կատարէ վերակառուցուած Ս. Երրորդութեան մատրան եւ ''Մարչիանում'' պատրիարքութեան վերանորոգուած մատենադարանին։
Երեկոյան ժամը 7-ին Նորին Սրբութիւնը օդանաւով Հռոմ կը վերադառնայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.