2011-03-03 12:45:49

Պաղեստինի Քրիստոնեայ Փոքրաթիւ Հասարակութիւնը Զարհուրած Է Յետ ''Անհաւատներու'' դէմ Գործադրուած Մահափորձին,


2.500 Քրիստոնեաներ Կ'ապրին 1,600 Միլիոն Մահմետականներու Հետ։
Կազայի գօտիի մէջ բնակող քրիստոնեայ փոքր հասարակութիւնը, շուրջ 2.500 քրիստոնեաներ մեծամասնութեամբ յոյն օրթոտոքս, մտավախութեան մէջ կ'ապրի յետ մահափորձի մը ուղղուած բժիշկ Մահեր Այատին` տնօրէնը անկլիգան հիւանդանոցին։ Մահափորձէն ետք բժիշկը յայտարարած է թէ վիրաբոյժը թիրախ եղած է հակաքրիստոնէական մահափորձի մը, մատնանշելով թէ նախապէս սպառնալիք մը ստացած էր, դադրեցնելու՝ քրիստոնէական իր քարոզչութիւնը։
Բժիշկը ընդգծած է որ Կազայի կղերը հոն կ'աշխատի բոլոր բնակչութեան համար առանց կրօնական խտրութեան։ Նշենք թէ Կազայի 1,600 միլիոն բնակչութեան վրայ, քրիստոնեաները կը հաշուեն շուրջ 2.500, որոնց 200-ը կաթողիկէ են։ Կազայի քրիստոնեայ դպրոցներու, ինչպէս նաեւ լատին պատրիարքութեան կրթական երկու օճախներուն մէջ արձանագրուած են 1.500 աշակերտներ։ը, որոնց մեծամասնութիւնը մահմետական է։ Կրօնաւորուհիները մասնաւորապէս կը հասնին անկարներուն օգնութեան ։







All the contents on this site are copyrighted ©.