2011-03-03 12:20:14

Այսօր Տօնն Է ՜՜Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց՝՝։


Սփիւռքի տարածքին ապրող բոլոր հայերուն համար ամէն օր Վարդանանց պէտք է որ ըլլայ եթէ կ’ուզենք վառ պահել այս հայապահպանումի պատերազմին մէջ մեր դիմագրաւած դժուարութիւններուն յաղթելու յոյսը:
Իւրաքանչիւր օրուան ծագող արեւուն հետ , ճերմակ ջարդերու սուրն է որ կը ճօճէ, քիչ մը եւս օտարացնելով բոլոր անոնց որոնք օրէ օր կը նուազեցնեն իրենց դիմադրականութիւնը եւ կը նօսրացնեն իրենց հայկականութիւնը, համակերպելու համար օտարութեան պայմաններուն:
Թշնամիին միջոցներն ու կարողութիւնները մեր ունեցած միջոցներուն ու կարողութիւններուն բազմապատիկն են: Մեր շարքերուն մէջ ՜՜Վասակեան՝՝ ըմբռնումի հաւատացողներուն թիւը տարուէ տարի կ’աճի: Այս բոլորին մէջ սակայն, մեր ռազմավարութիւնը պէտք է մնայ ՜՜վարդանանց շունչով սերմանուած՝՝ որպէսզի այս մաշումի պատերազմը մենք հասցնենք ՜՜Վահանեանց յաղթական եզրափակումին՝՝: Այս ռազմավարութեան հիմնաքարերն են.

1. ՉԶԻՋԻԼ՝ Նկարագրի տէր անձ մը պէտք է գիտնայ երբ պէտք է հաստատ կենայ իր կեցուածքին վրայ ու որոշէ թէ ամէն գնով իր սկզբունքը եւ գաղափարը պիտի պաշտպանէ: Ահա այդ ըրաւ Վարդան Մամիկոնեան ու մերժեց զիջիլ Քրիստոնէութենէն ըսելով ՜՜այս հաւատքէն մեզ ոչ ոք պիտի շեղէ՝՝:
2. ՄԵՐԺԵԼ՝ Երբեմն մեզի պէս մտածող անձերուն թիւը քիչ կ’ըլլայ, իսկ հակառակորդներունը՝ շատ: Բայց թիւով մեծ խումբը կրնայ նոյնքան զօրաւոր չըլլալ որովհետեւ նոյնքան համոզում չունենար եւ նոյնքան բուռն ձեւով չի հաւատար իր գաղափարին: Ահա այսպէս է որ հայ քրիստոնեաները թէեւ թիւով նուազ էին պարսիկներէն բայց իրենց հաւատքին մէջ աւելի զօրաւոր ըլլալով, մերժեցին ընդունիլ Յազկերտի առաջարկը:
3. ՀԱՄԲԵՐԵԼ՝ Վարդանի եւ իր 1036 ընկերներու նահատակումով սկսած պատերազմը աւարտեցաւ 33 տարիներ ետք իր եղբօրորդի Վահան մամիկոնեանի յաղթանակով եւ 484 թուականի Նուարսակի մէջ ստորագրուած դաշնագրով, որով պարսիկները կ’ընդունէին Հայոց պայմանները:
ա. Հայաստանի շնորհել ինքնավարութիւն
բ. Քրիստոնէական պաշտամունքի ազատութիւն
գ. Ատրուշաններու վերացում։

Վարդանանց Եւ Ղեւոնդեանց Զօրավարաց Յիշատակութիւնը Փարիզի Մէջ։
Փարիզի հայերը շաբաթ օրը յիշատակեցին ՜՜Կրօնքի եւ Հայրենիքի համար՝՝ իրենց արիւնը թափող սուրբերուն՝ Վարդանանց եւ Ղեւոնդեան զօրավարաց տօնը, Սուրբ պատարագով զոր մատոյց Արնուվիլի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետը գեր հայր Գէորգ վրդ Ասատուրեան։
Ս գրային ընթերցումներէն ետք Հայր Գէորգ տուաւ օրուայ պատգամը ՜՜Առանց վարդանի ինչ պիտի ըլլար հայոց վճիռը՝՝ նիւթին շուրջ։
Իր խօսքին մէջ Հայր Գէորգ ըսաւ. ՜՜Մենք հայերս ուրախութիւնն ու պատիւը ունեցանք ունենալու Ս Վարդանը եւ Ս Ղեւոնդը, այս երկուքը կը ներկայացնէին հայ ժողովուրդը եւ հայ եկեղեցին որ ձեռք ձեռքի տուած իրենց արիւնը տուին պահպանելու մեր քրիստոնէական հաւատքը եւ հայ ինքնութիւնը... գացէք տուէք ձեր զաւակներուն այս պատգամը, թէ մենք կոչուած ենք այս առաքելութիւնը կատարելու... 451 տարին մեզի համար եղաւ մեկնարկը Քրիստոսի համար ապրելու եւ մեռնելու, պատերազմը կորսնցուցինք սակայն պահեցինք մեր հաւատքը եւ պաշտպանեցինք մեր հայոց ազգը... աղօթենք որ մեր երիտաարդները ըլլան ՜՜նոր վարդաններ եւ նոր ղեւոնդներ՝՝ քանի որ հայ եկեղեցին եւ հայ ազգը պէտք ունի այսօր իրենց նման քաջ եւ հաւատացեալ մարդոց...
Պատարագէն ետք Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւնը, Արնուվիլի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հետ կազմակերպած էր յիշատակի երեկոյ մը Սրբոց Վարդանանց տօնին առթիւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սրահին մէջ։
Առաջին անգամն էր որ այս եկեղեցւոյ մէջ նման գեղեցիկ առիթի մը համար հայերը մէկտեղուած նշեցին Վարդանանց րօնը։
Սրահը լեցուն էր հայորդիներով, հանդիսութեան սկիզբը ներկաները ողջունեց ժողովրդապետը Հայր Գէորգ Ասատուրեան ըսելով. ՜՜ իւրաքանչիւր ազգ հպարտ կ՝ըլլայ իր հերոսներով եւ սուրբերով որոնք իրենց սրբութեամբ եւ քաջութեամբ կ՝արձանագրեն մեծ յիշատակներ իրենց երկրին պատմութեան գիրքին մէջ... Հայ եկեղեցւոյ մէջ Ս Վարդան եւ Ս Ղեւոնդը արժանացան պատուոյ Ս. պսակին։
Հայ կղերականը պատմութեան ընթացքին միշտ քալած է հայ զինուորին քով , հայը ունի երկու թեւեր՝ մէկուն մէջ կը գտնենք հայրենասիրութիւնը իսկ միւսին մէջ եկեղեցասիրութիւնը... Պատմութեան ընթացքին հայը միշտ եղած է հաւատարիմ թէ իր կրօնքին եւ թէ իր հայրենիքին ասոր համար մենք հպարտ ենք...
Ուրախ եմ որ դուք մեծ թիւով ( թէ երիտասարդներ եւ թէ անոնց ծնողները) ներկայ էք այս տօնակատարութեան, թող Վարդանի լոյսը միշտ վառ մնայ ձեր կեանքին մէջ. մի մոռնաք ձեր մայրենի լեզուն, պահեցէք ու պահպանեցէք ձեր հայրենասիրութիւնը եւ կրօնասիրութիւնը, ձեր եկեղեցին պէտք ունի ձեզի եւ ձեր հաւատքին... հայ ազգը պէտք ունի ձեր աջակցութեան մի հեռանաք այս ՜՜Սուրբ Գաղափարէն՝՝ եւ ասով է որ պիտի ըլլաք իսկական հայեր։
Ապա օրուան բանախօսը տիկին Նորա Պարուքեան իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ Վադանի պատգամին վրայ , պատմականը ընելով հայ եկեղեցւոյ ու հայ ազգի ստեղծումին . վերլուծումներ ըրաւ վարդանանցի պայքարի պայմաններուն մասին ու անոնց մեզի փոխանցած պատգամին։ Այս առթիւ պատրաստուած էր գեղարուեստական յայտագիր մը որուն ընթացքին լսելի եղան ՜՜ հաւատքի ու կրօնի այս մեծ նահատակներուն՝՝ մասին յօրինուած բանաստեղծութիւններ եւ երգեր ։ Հուսկ Բանքը արտասանեց Արնուվիլի աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը վերապատուելի Սարգիս Պարուքեանը որ յորդորեց կառչած մնալու վարդանանց պատգամին ու հայոց դատին, ու յատկապէս սիրոլու Քրիստոսը եւ պահելու իր պատգամը։ Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ ՜՜Հայր Մեր՝՝ Տէրունական աղօթքով եւ պահպանիչով։
Իսկ Պէյրութի՝ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ, վարժարանի աշակերտութիւնը նշեց Վարդանանց Հերոսամարտի 1560-ամեակը
Երեքշաբթի, 1 Մարտի Պօղոսեան թատերասրահին մէջ, որուն ներկայ էին Մեսրոպեան Բարձրագոյն եւ Արուեստից վարժարաններու աշակերտութիւնը, ուսուցչական եւ տեսչական կազմերու ներկայացուցիչներ, Ծնողական օժանդակ մարմինի անդամներ, հիւրեր։ Վարդանանց զօրավարներու պատերազմին ու անոնց նահատակութեան մասին խօսեցաւ աւարտական դասարանի աշակերտուհի Ցոլին Շահինեան, ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը,
որ կ'ընդրկէ՛ր վարժարանի երգչախումբի ելոյթ, մենապար, ասմունք, քոնկ ֆու ցուցադրութիւն, նուագ ֆլիւթի, դաշնամուրի եւ քլարինէթի վրայ, ինչպէս նաեւ տեսահոլովակի ցուցադրութիւն՝` պատրաստուած Ժագ Եակոբեանի Վարդանատօն ստեղծագործութեան հիման վրայ։ Ելոյթ ունեցաւ նաեւ վարժարանի կիթառահարներու խումբը։
Օրուան հիւր-բանախօսն էր Պր Յակոբ Հաւաթեան, որ խօսք առնելով ըսաւ ՜՜Վարդանանց տօնը մեր երագոյն, սրբազնաոյն տօներէն մէկն է, որովհետեւ եթէ չըլլար Վարդանանց պատերազմը, եթէ չըլլային Վարդանանց հերոսները, հաւատացէք, մենք չէինք ըլլար հոս, հայ չէինք ըլլար։ Վարդանանքը մենք իւրաքանչիւր վայրկեան պէտք է ապրեցնենք մեր սրտերուն եւ մեր հոգիներուն մէջ՝՝։ Տօնահանդէսի փակման խօսքը արտասանեց վարժարանի տնօրէնը՝ Պր Կրէկուար Գալուստ, որ նախ շնորհաւորեց Վարդան, Վահան, Գարեգին, Խորէն, Արտակ, Արսէն, եւ Վարդանանց հերոսամարտի մասնակից այլ արական անուններ կրող աշակերտները որոնց անուան տօնն է, ապա յատուկէն շնորհաւորեց Գերապայծառ Հայր Վարդան Եպս Աշգարեանը՝ իր անուան տօնին առիթով, որմէ ետք շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան բանախօսին, շինիչ պատգամին համար, ու նաեւ գեղարուեստական յայտագիրը կատարողներուն եւ ըսաւ ՜՜Այսօրուան տօնահանդէսը սովորական հանդէս մը չէ։ Ես ձեզմէ պահանջելու պէս կը խնդրեմ, որ չմոռնաք Վարդանանց պատգամը՝` այլ զայն վերածէք առօրեայ ապրումի։ Հուսկ բոլոր ներկաները ոտնկայս կատարեցին Ուխտ Վարդանանց երգը որուն հեղինակն է Քոյր Արշակուհի Մալճեան եւ երաժշտութիւնը գործն է ՝ Արէ Լուսինեանի։
Հռոմի մէջ Վարդանանց տօնակատարութիւնը (այսօր) Հինգշաբթի 3 Մարտ 2011-ին երեկոյեան ժամը 6-ին սկիզբ կ՝առնէ Ս. Նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ Պատարագով, որմէ ետք տեղի կ՝ունենայ ՜՜Վասն Կրօնի ու Հայրենեաց հերոսներուն՝՝ նուիրուած յատուկ յայտագիր մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.