Կարտինալ Անթոնիօ Մարիա Րաուգոն Վերընտրուեցաւ Սպանիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասի
Նախագահ
Կարտինալ Անթոնիօ Մարիա Րաուգոն Մատրիտի Արքեպիսկոպոսը` Սպանիայի Եպիսկոպոսական Համահաւաք
Դասի տարեկան ընդհանուր ժողովի ընթացքին որ տեղի կ՛ունենայ Մատրիտի մէջ 28 փետրուարէն
մինչեւ 4 մարտ, վերընտրուեցաւ Սպանիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի Նախագահ՝ 2011
- 2014 տարեշրջանի համար նոյնպէս Վալլալոյտի Արքեպիսկոպոսը` Գերապայծառ Րիգարտօ Պլազգէզ
Փերեզ վերընտրուած է որպէս փոխ նախագահ։ Նշենք թէ այս տարուայ օգոստոս ամսուայ ընթացքին
Մատրիտի մէջ տեղի պիտի ունենայ Երիտասարդներու Համաշխարհային օրը. Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան
Քահանայապետին մասնակցութեամբ ։