2011-03-02 11:48:57

 Արցախի Վարչապետ Արա Յարութիւնեանի Հանդիպումները՝Լիբանանի Մէջ։


Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեան երէկ սկսաւ լիբանանահայ հոգեւոր, քաղաքական, հասարակական եւ գործարար շրջանակներուն հետ իր քառօրեայ հանդիպումներուն։ Հանդիպումներուն վարչապետ Յարութիւնեանին կ՚ընկերակցին Արցախի գիւղատնտեսութեան աջակցման հիմնադրամի՝ Ակրոֆոնտի տնօրէն Վահրամ Պաղտասարեան։ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան։
Երէկ Արամ Ա. Կաթողիկոս վեհարանին մէջ ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեանը։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ վարչապետին ընկերակցող պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Արցախ ֆոնտի ներկայացուցիչները։ Այնուհետեւ վարչապետ Յարութիւնեան մեկնեցաւ լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատուն, ուր կէսօրէ առաջ ժամը 11։00-ին լիբանանահայ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում ունենալով տուաւ մամլոյ ասուլիս մը (տեսնել՝ առանձին)։

Իսկ կէսօրին Արցախի Հանրապետութեան Վարչապետը շարունակեց իր հանդիպումներուն շարքը։ Ան յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի հետ։
Յետմիջօրէին վարչապետ Յարութիւնեան «Շաղզոյեան՝՝ կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչներուն հետ, իսկ «Տեմիրճեան՝՝ կեդրոնին մէջ տեսակցութիւն ունեցաւ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան Լիբանանի ղեկավարութեան հետ։
Երեկոյեան Անթիլիասի Մայրավանքի վեհարանին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոսին բարձր հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն-հանդիպում՝ լիբանանահայ գաղութի հասարակական կազմակերպութեանց պատասխանատուներուն եւ գործարարներու հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.