2011-03-01 13:20:50

Բողոքի Ցոյցերը Չեն Դադրիր Արաբական Աշխարհէն Ներս՝ ԼԻՊԻԱ-ՕՄԱՆ-ՊԱՀՐԷՅՆ։ ՄԱԿ-ի Մանկական ֆոնտի Կոչը։
ՄԱԿ-ի պատժամիջոցները Լիպիայի դէմ. Միացեալ Նահանգներ չեն բացառեր տարագրութիւն Կէտտաֆիի համար որ կը մերժէ հաւանականութիւնը ։


 Մինչեւ այսօր աւելի քան 110հազար հոգի խոյս տուած է Լիպիայէն ապաստանելով Թիւնիզ,Եգիպտոս,Մալթա եւ Իտալիա։ Փախստականներու գծով ՄԱԿ-ի գլխաւոր Գերատեսչութիւնը կոչ կ՝ընէ միջազգային հասարակութեան որպէսզի գործադրէ հարկ եղած օժանդակութիւնները, կարենալ հեռացնելու համար տասնեակ հազարաւոր անձեր որոնք կը փորձեն թողել պատերազմի վայրերը։ Նոյնպէս ՈՒՆԻՉԷֆ-ը այսինքն ՄԱԿ-ի Մանկական ֆոնտը մեծապէս մտահոգ ի լուր այն տեղեկութիւններուն որոնք կը հային Միջին Արեւլեան ու Հիւսիսային Ափրիկեան երկիրներու փոքրերուն ու պատանիներուն։ ՝՝Ոչ մի երախայ պէտք է որ ենթարկուի որեւիցէ մէկ վտանգի ,անոր համար որ վտանգներու առարկայ դառնալը երկարատեւ ազդեցութիւն կ՝ունենայ մանուկի մը վերապրումին ու անոր հոգեբանական առողջութեան վրայ՝՝ ըսած է Պրիւքսէլի մէջ ՄԱԿ-ի Մանկական ֆոնտի Տնօրէնը Անթհոնի Լէյք։ Արդ կացութիւնը յատկապէս տագնապեցուցիչ է Լիպիայի մէջ,ՄԱԿ-ի Մանկական ֆոնտը ուստի պատրաստ է բերելու իր աջակցութիւնը անհրաժեշտութեան պարագային ,եւ ֆոնտը կը խրախուսէ խնդրոյ առարկայ բոլոր անձերը ի գին ամէն բանի պաշտպանելու փոքրերը։

Մոամմար Կատտաֆիի հակառակորդ ուժերը երէկ Լիպիոյ 3-րդ մեծագոյն քաղաքին՝ Միսրաթայի դէմ Կատտաֆիի հաւատարիմ ուժերուն գրոհը ետ մղելու ընթացքին ուղղաթիռ մը վար առնելով ձերբակալեցին անոր անձնակազմին 5 անդամները, իսկ մեծ պետութեանց արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին Կատտաֆին տապալելու համար ընդդիմադիրներուն օժանդակելու կարելիութիւնները։

ՄԱԿ- ի կողմէ հաստատուած պատժամիջոցներէն ետք Եւրոպական Միութիւնը իր կարգին Կատտաֆիի եւ անոր ընտանեկան պարագաներէն ու սերտ գործակիցներէն բաղկացած 25 անձերու դէմ պատժամիջոցներ հաստատեց։
Եւրոպական պետութիւնները, ներառեալ՝ դաշնակիցը Իտալիան Կատտաֆիին կոչ ուղղեցին հրաժարելու, մինչ Քլինթըն ըսաւ, թէ Ուաշինկթըն ընդդիմադիր խմբաւորումներուն «ձեռք կ՚երկարէ»։ Ան յայտնեց, որ իրենց ժողովուրդներուն դէմ բռնի ուժ օգտագործող կառավարութիւնները արժանի չեն գոյատեւելու։ Քլինթըն ընդգծեց, որ այնքան ատեն որ Կատտաֆիի վարչակարգը կը շարունակէ իր բռնարարքները, «բոլոր ընտրանքները սեղանի վրայ են»։

ՕՄԱՆ-Ի մէջ ալ գործի առիթներ եւ քաղաքական բարեփոխումներ պահանջող ցուցարարներ երէկ փակեցին դէպի երկրին հիւսիսը գտնուող ճարտարարուեստի կեդրոն Սոհար ծովեզերեայ քաղաքը առաջնորդող ճամբաները, մինչ աւազակներ մթերքի վաճառատուն մը կողոպտեցին։ Ցոյցերուն ծիրը ընդարձակուեցաւ եւ հասաւ մինչեւ մայրաքաղաք Մասքաթ։
Օմանի Սուլթանը Քապուս կիրակի օր մթնոլորտը հանդարտեցնելու փորձով մը խոստացած էր 50 հազար պետական մարզի աշխատատեղիներ ստեղծել, անգործներուն 380 տոլար ամսական նպաստ տալ եւ խորհրդատուական խորհուրդի լիազօրութեան ընդլայնումը քննարկել։

Իսկ ՊԱՀՐԷՅՆ-Ի մէջ ցուցարարներ խորհրդարանի շէնքը պաշարելով արգիլեցին այդտեղ ելքն ու մուտքը, ինչպէս նաեւ պետական պատկերասփիւռի կայանի շէնքին առջեւ հաւաքուեցան՝ փորձելով երկու շաբաթ տեւած ցոյցերէ եւ զոհեր պատճառած բախումներէ ետք ճնշում բանեցնել թագաւորութեան վրայ։
Պահրէյնի իշխանութիւնը լարուածութիւնը մեղմացնելու նպատակով կը ձգտի ընդդիմադիր խմբակներու հետ երկխօսութիւն կատարել։







All the contents on this site are copyrighted ©.