2011-02-28 12:12:46

Չիլիի Նուիրուած Աղօթքի Եւ Զօրակցութեան Օր Զուիցերիոյ Մէջ


Զվիցերիոյ Պերնա քաղաքի մէջ յառաջիկայ 4 մարտին Քրիստոնեայ Տիկնաց Միութեան նախաձեռնութեամբ՝ տեղի կ՛ունենայ զօրակցութեան եւ համամիութենական աղօթքի օր մը, նուիրուած՝ Չիլիի ժողովուրդին։ Նախաձեռնութեան կարգախօսն է <<Աղօթել Իմանալով` գործել աղօթքով>> ու անոր նպատակակէտն է հրաւիրել քրիստոնեաները զօրակցելու իրենց եղբայրակիցներուն հետ, նպաստելու նպատակով՝ կնոջ ու անոր ընտանիքի կեանքին բարելաւման համար, աշխարհի մէջ։ Աղօթքի ու զօրակցութեան օրը տեղի կ՛ունենայ ամէն տարուայ մարտ ամսուայ առաջին ուրբաթ օրը եւ այս տարուայ դրամահաւաքը պիտի յատկացուի Գոնսէբսիոն շրջանի վերաշինութեան ուր 2010 -ի 27 փետրուարին տեղի ունեցած էր ահաւոր երկրաշարժ մը։ Այս տարուայ աղօթքի եւ զօրակցութեան նիւթն է <<քանի՞ հաց ունիք>>։ Աղօթքի Համաշխարհային այս օրը սկիզբ առած է 1927ին Միացեալ Նահանգներուն մէջ եւ այսօր ան կը յիշուի աւելի քան 170 երկիրներու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.