2011-02-28 13:03:17

Հիլարի Քլինթըն Յառաջիկայ Ամիս Անգարայի Մէջ Պիտի Քննարկէ Հայ-Թրքական Հոլովոյթը։


Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն կը պատրաստուի մարտի երկրորդ կիսուն Թուրքիա այցելելու։
Ըստ թրքական Սի. Էն. Էն. հեռուստակայանին , Քլինթըն Անգարայի մէջ այլ նիւթերու շարքին պիտի քննարկէ նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց բնականոնացման հոլովոյթը։ Նշենք, որ Քլինթընի Թուրքիա այցելութիւնը նախատեսուած էր 7 փետրուարին, սակայն Եգիպտոսի իրադարձութիւններուն պատճառով այցելութիւնը յետաձգուած է։







All the contents on this site are copyrighted ©.