2011-02-28 12:58:44

Լոս Անճելըսի Մէջ Հայերու Բողոքի Ցոյցը Ազրպէյճանի Դէմ,Նաեւ Օտարներու Մասնակցութեամբ։


Լոս Անճելըսի հայ երիտասարդները 25 փետրուարին բողոքի զանգուածային ցոյց մը կազմակերպած էին Ուիլշըր Լոս Անճելըսի պողոտային վրայ՝ Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսութեան շէնքին առջեւ՝ նուիրուած Սումկայիթի մէջ հայերուն դէմ իրականացած սպանդի 23-րդ տարելիցին:
«Միացեալ հայ երիտասարդներ» կազմակերպութեան նախաձեռնած ցոյցին մասնակցած են բազմահարիւր հայեր: Ազրպէյճանի հիւպատոսութեան առջեւ անոնք վանկարկած են «Ազրպէյճան, դադրեցո՛ւր հովանաւորել ահաբեկչութիւնը», «Ալիեւ, դադրէ՛ ատելութիւն սփռելէ», «Ազրպէյճան, ձեռքերդ հեռո՛ւ Հայաստանէն եւ Ղարաբաղէն», «Ամերիկահայ համայնքը պատրաստակամ է պաշտպանելու Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը» եւ այլ կարգախօսներ:
Ցուցարարները նաեւ այդ կարգախօսներուն անգլերէն գրութեամբ պաստառներով անցորդները տեղեկացուցած են իրենց բողոքին մասին:
Այս առթիւ հայ ցուցարարներուն միացած են նաեւ օտարներ, իրենց մասնակցութիւնը բերելով մարդկութեան դէմ իրականացած յանցագործութեան արժանի գնահատական տալու՝ հայ ժողովուրդի պահանջին:







All the contents on this site are copyrighted ©.