2011-02-27 12:11:44

Քառասունքի Ս. Պատարագ Երջանկայիշատակ
Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Կաթողիկոս Պատրիարքին – 27.02.2011


Արհիապատիւ Գերապայծառ Տիարք
Գերապայծառ, Գերյարգելի, Գերապատիւ վարդապետներ
եւ Յարգոյապատիւ քահանաներ
Հանգամանաւոր անձնաւորութիւններ՝ Նախարարներ, Երեսփոխաններ եւ բարձրաստիճան
զինուորականներ
Առաքինազարդ քոյրեր
Սգակիր հարազատներ եւ բարեպաշտ հաւատացեալներ,

Քառասուն օր առաջ Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ.ը իր մահկանացուն կնքեց ընդառաջելով Տիրոջ կոչին։ Ան՝ այս անցողական կեանքը ձգեց յաւիտենական կեանքը վայելելու համար, լոյսի եւ հանգիստի վայրը, ուր չկան ոչ ցաւ, ոչ տրտմութիւն, ոչ յոգնութիւն եւ ոչ հեծութիւն, այլ միմիայն՝ Աստուծոյ տեսութիւն եւ մշտատեւ երջանկութիւն։
Հանգուցեալ Հայրապետը պատրաստ էր այս վճռական անցքին, ինք որ միշտ փափաքած էր Աստուծոյ կամքը կատարել։ Եւ երբ լսեց Տիրոջ ձայնը, որ զինք կը կանչէր, ըսաւ. Ահաւասիկ եմ Տէ՛ր, ծառադ պատրաստ է հետեւելու քու կոչիդ։ Ասիկա վիճակն է իւրաքանչիւր հաւատացեալին, որ ամէն ատեն կը փնտռէ Աստուծոյ կամքը, զայն կատարելու համար, եւ ոչ անձնական փափաքը կամ ծրագիրը իրագործելու։
Իր հաւատարմութիւնը Աստուծոյ հանդէպ եւ պատասխանատուութեան հոգին իր պաշտօնին բերումով, կը մղէին զինք ուրիշներուն հարցերով մտահոգուելու։ Կու տար, առանց հաշիւի կու տար եւ կարելի եղածին չափ մարդ չէր ճամբեր ձեռնունայն, ինքզինք նկատելով հայր բոլորին, մանաւանդ կարիքաւորին, հիւանդին եւ տառապեալին։ Շատ անգամ անոր հայրական խօսքը կամ անոյշ ժպիտը բաւարար էին յոյս ներշնչելու, խաղաղութիւն սփռելու եւ քաջութիւն տալու։ Ասոր համար, շատեր կը փնտռէին անոր սփոփարար խօսքը, ոչ միայն մեր Հայ կաթողիկէ զաւակները, այլ նաեւ ոչ հայ լիբանանցիներ՝ ամէն համայնքէ եւ ծէսէ։
Շատերու վկայութեամբ, Գասպարեան Հոգեւոր Տէրը կարեւոր դեր խաղցաւ Լիբանանի ներքին խռովութիւններուն ատեն, եւ ան եղաւ միշտ քարոզիչ հաշտարար եւ խաղարարար լուծումներու։ Ասոր համար, քաղաքական մարդիկ, նեղութեան ժամանակ, իր իմաստութեան եւ փորձառութեան կը դիմէին։
Քիչ առաջ, Ս. Աւետարանին խօսքը իմացանք. «Երկինքէն իջած հացէն կերողը՝ կ՚ապրի յաւիտեան» (Յով. 6,58)։ Երկինքի հացը՝ Ս. Հաղորդութիւնն է, Յիսուս Քրիստոսի Մարմինը եւ Արիւնն է։ Ս. Աւետարանը մեզի կը սորվեցնէ, թէ Յիսուսի Մարմինը եւ Արիւնը ճաշակողը Յիսուս կը ճաշակէ, շնորհքի կեանք կը ստանայ՝ աստուածային կեանքը։ Ասոր համար, Ս. Գիրքը կ՚ըսէ թէ՝ անոր ճաշակողը յաւիտեան կ՚ապրի, այսինքն՝ անոր հոգին չի մեռնիր։
Գասպարեան Հոգեւոր Տէրը, իր կեանքին վերջին տարիներուն, ամէն օր որոշ ժամանակ մը կը յատկացնէր կենալու Ս. Հաղորդութեան առջեւ. երկրպագութիւն կ՚ընէր։ Արդ՝ Ս. Հաղորդութեան երկրպագութիւնը շարունակութիւնն է Ս. Պատարագի աղօթքին։
Ով որ Ս. Հաղորդութեան երկրպագութիւն կ՚ընէ, պատրաստ կ՚ըլլայ իր կեանքը զոհելու՝ մասնակից դառնալով այսպէս Քրիստոսի փրկագործութեան խորհուրդին։
Երկրպագութիւն ընել՝ երախտագիտութեան նշան մըն է Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ, որ այնքան մեզ սիրեց։
Երկրպագել կը նշանակէ նաեւ կեանքի անձնուիրում ունենալ հոգիներու փրկութեան գործին։ Ամէն քրիստոնեայ կոչուած է, շնորհիւ իր Մկրտութեան Ս. Խորհուրդին, դառնալու երկրպագու հոգիով եւ ճշմարտութեամբ, ինչպէս Յիսուս կը բացատրէ սամարացի կնոջ, եւ կ՚աւելցնէ. «Հայրը այսպիսի երկրպագուներ կ՚ուզէ» (Յովհ. 4,23)։ Գասպարեան Հոգեւոր Տէրը ոչ միայն վերոյիշեալ խօսքը կարդացած էր, այլ աւելին՝ զայն ապրելու կ՚աշխատէր։
Դարձի եկած իմաստասէր մը, իր դարձէն ետք յաճախ կը կրկնէր սա խօսքը. «Վերջապէս գտայ մէկը որուն առջեւ կրնամ ծունկի գալ»։
Ով որ երկրպագութիւն կ՚ընէ, աւելի խոր կերպով կ՚ըմբռնէ Աստուծոյ հայրական սէրը։ Ըստ ինքեան, ամէն մարդ եղած է երկրպագութիւն ընելու, որպէսզի աւելի լաւ հասկնայ Յիսուս Քրիստոսի աստուածութիւնը եւ պատրաստ ըլլայ ինքզինք յանձնելու անոր ձեռքերուն մէջ։ Երանի անոր որ Գասպարեան Հոգեւոր Տիրոջ նման գտած է այս վսեմ ուղին, որ կը տանի դէպի յաւիտենական հանգիստը։
Ես ապահով եմ որ Գասպարեան Հոգեւոր Տիրոջ յիշատակը երկարօրէն արթուն պիտի մնայ զինք ճանչցողներուն մօտ։ Բայց հանգուցեալ Հայրապետը աչքերը բացած էր յաւիտենականութեան վրայ եւ միմիայն Աստուծմէ կը սպասէր Անոր անհուն գութը եւ սէրը, եւ կը յուսար Յիսուսի խոստումին, որ ըսաւ. «Եթէ ես երթամ ու ձեզի տեղ պատրաստեմ՝ դարձեալ կու գամ եւ ձեզ քովս կ՚առնեմ, որպէսզի ուր որ ես եմ՝ դուք ալ հոն ըլլաք» (Յովհ. 14,3)։
Յիշատակ արդարոց օրհնութեամբ եղիցի. Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.