2011-02-27 12:11:21

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը


Կիրակի 27 փետրուարի կէսօրին՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն։ Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը խորհրդածութիւն մը կատարեց քաղուած՝ օրուան սուրբ գրային ընթերցումներէն ուր - ըստ լատինաց - կը խօսուի Աստուծոյ նախախնամութեան ու մարդոց հանդէպ սիրոյ մասին։ <<Մի մտահոգուիք ուրեմն կրկնելով ի՞նչ պիտի ուտենք, ի՞նչ պիտի խմենք, կամ ի՞նչ պիտի հագնինք։ Այս ամէնը հեթանոսներու մտահոգութիւնն է։ Իսկ ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ ձեր այս կարիքները՝՝։
Յիսուս կ՛ուզէ հասկցնել թէ կարելի չէ ծառայել երկու տէրերու՝ հարստութեան եւ Աստուծոյ. ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ Ով որ Աստուծոյ կը հաւատայ , կը կատարէ անոր կամքը ու նաեւ կը հաւատայ անոր նախանամութեան։ Յիսուսի այս վարդապետութիւնը տարբեր ձեւերով ի գործ կը դրուի զանազան անձերու կողմէ. օրինակ ՜՜ֆրաչիսկեան կրօնաւոր մը կը հետեւի Քրիստոսին, արմատական կերպով. մինչ՝ ընտանիքի մը հայրը պէտք է կատարէ նաեւ իր ընտանեկան պարտականութիւնները հանդէպ տիկնոջ ու զաւակներուն։ Ամէն պարագային, քրիստոնեային առանձնայատկութիւններէն մին՝ անոր Աստուծոյ հանդէպ ունեցած՝ բացարձակ վստահութիւնն է։
Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնն է որ իմաստ կու տայ Քրիստոսի կեանքին, անոր վարդապետութեան, անոր փրկարար արարքներուն՝ մինչեւ չարչարանքի մահուան ու Յարութեան։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Սրբազան Հայրը, ձեզ կը յորդորեմ աղերսելու Սուրբ Կոյս Մարիամին, իբրեւ Աստուածային Նախանամութեան Մայր, իրեն յանձնելով մեր կեանքը` եկեղեցւոյ ճանապարհորդութիւնը` եւ պատմութեան իրադարձութիւնները։ Մանաւանդ հայցենք անոր որ պարգեւէ շնորհքը՝ սորվելու եւ ըմբռնելու ապրելակերպը՝ աւելի պարզ եւ ժուժկալ կեանքի մը ։

Խորհդածութեան աւարտին նորին սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց Ս. Պետրոսի հրապարակը գտնուող զանազան վայրերէ ժամանած հաւատացեալները հրաւիրելով զանոնք ըլլալու՝ իրենց շրջանակին համար Աստուծոյ անհուն սիրոյ վկաները ` եւ աղօթելու որպէսզի խաղաղութիւնը եւ երկխօսութիւնը յաղթահարեն շահագործումն ու բռնութիւնը ու բարի Կիրակի մաղթեց բոլորին։








All the contents on this site are copyrighted ©.