2011-02-27 12:01:52

Նշանակալից դրուագ մը Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ Գասպարեան Կաթողիկոս Պատրիարքի Կեանքէն


«ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՄՕՏ, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ» ԱՊՐՈՂ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ

(ՆՇԱՆԱԿԱԼԻՑ ԴՐՈՒԱԳ ՍԸ ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԸ. ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԿԵԱՆՔԷՆ)

23 Դեկտեմբեր 1988։
Հայաստանի հիւսիսային շրջանը աւերող պատմական երկրաշարժէն ուղիղ երկու շաբաթ ետք։

Ուրբաթ օր մըն էր։ Առտուն կանուխ հնչեց մեր տան հեռաձայնը։ Հոգեւոր Տէրն էր։ «Սարգիս - ըսաւ - կը խնդրեմ որ մօտս գաս։ Որքան կարելի է շուտ։ Կարեւոր է»։ Ժամ մը ետք մօտն էի։ Ըստ սովորութեանս, Աջը համբուրելու համար խոնարհեցայ՝ այս անգամ սակայն սխալ մը կամ մեղք մը գործած ըլլալու զգացումով, որովհետեւ իրեն յատուկ ժպիտը չնկատեցի դէմքին վրայ եւ առանց բարեբանական խօսքերու հրաւիրեց որ նստիմ։ Մեղաւորի զգացումս շուտով փարատեցաւ, երբ առանց երկար նախաբանի, ըսաւ թէ որոշած է երթալ Հայաստան, Էջմիածին եւ այցելել աղէտի գօտին, աղիտահար ժողովուրդին։ Եւ վերջապէս, ըսաւ թէ ինծի կը վստահի այս այցելութիւնը նախապատրաստելու պարտականութիւնը։ Այցելութիւն մը՝ որ ամէն տեսակէտով պատմական ըլլալու նախադրեալները ունէր։ Մտածելու առիթ չտուաւ։ Առանց վարանելու «սիրով» բառը հազիւ արտասանեցի, Ան ոտքի ելաւ, կարծես ըսել ուզելով որ պէտք է շտապեմ թելադրութիւնը կատարելու համար։ Այդպէս ալ ըրի։

26 Դեկտեմբեր 1988։

Երկուշաբթի առաւօտեան ժամը 10-ին, Պատրիարքարանի մուտքին դիմաւորեցի Խորհրդային Միութեան դեսպանատան հիւպատոսական բաժնի պատասխանատուներէն Պր. Լեւոն Սինանեանը։ Միասին բարձրացանք Պատրիարքարանի Դահլիճը, ուր մեզ ընդունեց Հոգեւոր Տէրը, Հայր Վարդան Եպիսկ. Աշգարեանին եւ Հայր Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանին հետ։ Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Պր. Սինանեանի այցելութեան համար, Հոգեւոր Տէրը անոր փոխանցեց Սբ. Էջմիածին մեկնելու իր ցանկութիւնը, Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Հայրապետին անձամբ կարեկցելու, Սպիտակի երկրաշարժի աղէտեալներուն տառապանքը բաժնելու եւ զանոնք սփոփելու համար։ Կարծես կանխելու համար իր հանգամանքին համապատասխան դիւանագիտական ու փրոթոքոլային ձեւակերպութիւններու պատճառով մեկնումը ուշացնելու ամէն հաւանականութիւն, Հոգեւոր Տէրը ըսաւ թէ ոչ մէկ քաղաքավարական ձեւակերպութիւն կամ այլ եւ այլ դիւրազգացութիւն ու նկատառում պէտք է ուշացնեն իր այցելութիւնը Հայաստան։ Ըստ երեւոյթին, այդպէս համոզուած էր նաեւ Խորհրդային դեսպանատան պաշտօնատարը, Պր. Լեւոն Սինանեան, պատուական հայ եւ ազնիւ անձնաւորութիւն մը, որ առանց սպասելու «վերէն գալիք արտօնութեան մը», ակնթարթ մը անգամ չվարանեցաւ Հայ Կաթողիկէ Համայնքապետին Հայաստան շտապ այցելութեան համար հարկը տնօրիներու։

Արդարեւ, ողջունելով Հոգեւոր Տիրոջ որոշումը, Պր. Սինանեան ուզեց իմանալ թէ ո՞վ պիտի ընկերակցի իրեն եւ ե՞րբ կ՚ուզէ մեկնիլ։ Ցոյց տալով իր շուրջ գտնուողները (Հ.Վարդան Եպիսկ. Աշգարեանը, Հայր Անդրանիկ Կռանեանը եւ զիս), Հոգեւոր Տէրը ըսաւ թէ կ՚ուզէ մեկնիլ օր առաջ։ Դիւանագէտը խնդրեց որ պատուիրակութեան անդամներուն անցագիրները յաջորդ օրն իսկ տանիմ դեսպանատուն, որպէսզի օր մը ետք մեկնինք։

28 Դեկտեմբեր 1988։

Ամենապատիւ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ գլխաւորուած քառանդամ պատուիրակութիւնը (որուն Մոսկուայի մէջ միացաւ նաեւ Արհի. Հ. Վարդան Եպիսկ.Պօղոսեան) Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հրաւէրով մեկնեցաւ Մոսկուա, ուրկից՝ արտակարգ ցուրտի ու ձիւնի պայմաններուն տակ եւ արկածախնդրութեան համազօր ճամբորդութենէ մը ետք, յաջորդ օրը կէսօրին հասանք Երեւան։ Շուրջ ժամ մը ետք, Գերշ. Յուսիկ Արք. Սանթուրեանի առաջնորդութեամբ մուտք գործեցինք Էջմիածին, որուն Սբ. Տաճարին գմբեթներն ու զանգակատունը սպիտակ շղարշով մը ծածկուած էին հակառակ համատարած սուգի մթնոլորտին։ Հոգեւոր Տէրը հանդիսաւորապէս առաջնորդուեցաւ Սբ. Տաճար, ուր ծնկաչոք համբուրեց Սբ. Սեղանը այնպիսի ջերմութեամբ եւ յուզումով մը, որ ուրախութեան արտայայտութիւն կրնար ըլլալ եթէ այցելութեան շարժառիթը տխուր եղելութիւն մը չըլլար։ Յաջորդող օրերուն, այդ յուզումը երբեք չհեռացաւ Հոգեւոր Տիրոջ դէմքէն եւ աւելի ակներեւ դարձաւ մանաւանդ երեք առիթներով՝ ողջագուրումը Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Կաթողիկոս Վազգէն Ա. Հայրապետին հետ, շրջագայութիւնը աղէտի գօտին եւ գոհաբանական Սբ. Պատարագը Էջմիածնայ Տաճարին մէջ։
Արդարեւ, ամէնէն քարսիրտ հայ մարդն անգամ չէր կրնար չյուզուիլ երկու հոգեւոր եղբայրներու՝ ալեզարդ Հայրապետին եւ Գասպարեան Հոգեւոր Տիրոջ ողջագուրումին ի տես, որ տեղի ունեցաւ Վեհարանին մէջ, ուր առաջնորդուեցաւ Հոգեւոր Տէրը՝ իր ուղեկիցներով, Տաճարին մէջ աղօթելէ ետք։ Պահը պատմական էր ոչ միայն իր տխուր շարժառիթին պատճառով, այլ նաե՛ւ անոր համար որ Հայ Կաթողիկէ Հովուապետի մը շուրջ քառորդ դարէ ի վեր առաջին այցելութիւնն էր Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածին։ Հոգեւոր Տիրոջ ցաւակցական խօսքերուն, յանուն Լիբանանի կաթողիկէ Պատրիարքներուն Անոր արտայայտած վշտակցութեան, աւերուած շրջաններու վերակառուցման աշխարհասփիւռ հայ կաթողիկէ համայնքներուն եւ ընդհանրապէս կաթողիկէ բարեսիրական կազմակերպութիւններու աջակցութիւնը ապահովելու խոստումին եւ Լենինականի մէջ դպրոցի մը շինութիւնը ստանձնելու յանձնառութեան, ծերունազարդ Հայրապետը պատասխանեց ըսելով.- Ձեր ներկայութիւնը մեզ մեծապէս կը մխիթարէ։
Ողջագուրման ջերմութիւնը, ապա Սբ. Էջմիածին մեր կեցութեան օրերուն, Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին հանդէպ Վազգէն Ա. Հայրապետին եւ Մայր Աթոռի ողջ Միաբանութեան կողմէ ցուցաբերուած հարազատներու վայել վերաբերումը այնքան պարուրեցին մեր սրտերը որ Վանքի շրջափակէն ներս մեր շրջագայութեան ընթացքին չզգացինք սաստիկ ցուրտի հոսանքը։

31 Դեկտեմբեր 1988, Շաբաթ։

Հոգեւոր Տէրը այնքան տխրադէմ չէի տեսած որքան այն երեք ժամերու ընթացքին զոր Ան անցուց Լենինականի աւերակներուն մէջ։ Ոտքը հազիւ դրած սառցապատ հողին վրայ, Ան պահ մը լուռ դիտեց շուրջը, փլատակներուն ձիւնածածկ շեղջակոյտերը, շէնքերուն կանգուն մնացած պատերը, ազատարար կամ նպաստաբաշխ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն վազվզուքը, մարդոց համախմբումը անոնց բեռնակառքերուն շուրջ՝ ստանալու համար նպաստի իրենց բաժինը, ապա ուղղուեցաւ «Եօթ Վէրք» Սբ.Աստուածածին Եկեղեցին, որ հրաշքով կանգուն մնացած էր։ Մարդիկ հետեւեցան իրեն, շրջապատեցին զինք եւ աղօթեցին իրեն հետ։ Ապա, Ան սկսաւ հեռանալ քաղաքի կեդրոնէն։ Կարեկցութիւնը արտայայտող նայուածքով մը կը նայէր իրեն մօտեցող մարդոց։ Կը մխիթարէր։ Կը քաջալերէր։ Կը յուսադրէր։ Կ՚օրհնէր։ Ուշադրութիւնը գրաւեց մխացող տակառներու շուրջ նստած մարդիկ, անշարժ, հիւծած երեւոյթով, իրենց նայուածքը ուղղած հողին։ Մօտեցաւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին, ձեռքը դրաւ անոնց ուսին։ Հարցաքննեց շատերը։ Երբ իմացաւ որ այդ մարդոց սիրելիներուն գերեզմանը դարձած է այդ հողը ուր անշարժ նստած են օրերէ ի վեր, ցերեկ ու գիշեր՝ հակառակ ձիւնին ու զերոյէն վար 30 աստիճան ցուրտին, Հոգեւոր Տէրը գլուխը շրջեց դէպի երկինք, թերեւս Տիրոջ հարց տալու համար որ ի՞նչ է այս մարդոց մեղքը...։
Այդ օր, այդ երեք ժամերու ընթացքին տեսայ եւ զգացի թէ Ամենապատիւ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան Կաթողիկոս Պատրիարքը Հոգեւոր Հայրն է ոչ թէ միայն փոքր համայնքի մը կամ լիբանանահայութեան, այլ իւրաքանչիւր հայու, ուր որ ալ գտնուի ան։ Զգացի թէ Ան հոգատար Հայրն է ոչ միայն Լիբանանի կարիքաւոր եւ տառապեալ հայ ընտանիքներուն, այլ հաւասար սիրով կապուած է հայ ժողովուրդի իւրաքանչիւր զաւկին հետ։ Զգացի թէ Անոր սիրտը կը բաբախէ իր ժողովուրդին կեանքի կշռոյթով։ Իսկ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ համայն Հայ ժողովուրդն է։ Զգացի թէ ոչ մէկ հանգամանք, պաշտօն, տիտղոս կամ փրոթոքոլ կրնայ զինք շեղեցնել «ժողովուրդին մօտ, ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար» իր նշանաբանէն, որ լրացուցիչն էր իր հոգեւոր առաքելութեան եւ Հովուապետի պարտականութեան։ Այս նշանաբանով ու գիտակցութեամբ գործեց Ան՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի շուրջ երկու տասնեակ տարիներուն։

1 Յունուար 1989, Կիրակի։

Աղիտահար ժողովուրդին հանդէպ իր խղճի պարտքը կատարած մարդու հոգեկան բաւարարութիւնն էր թերեւս պատճառը՝ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ նախորդ օրերու դէմքի յուզումնալից երեւոյթի փարատումին, մինչ Ամենայն Հայոց Հայրապետին հետ, պաշտօնական հանդերձանքով եւ վեհաշուք թափօրով Վեհարանէն գալով Ան մուտք կը գործէր Էջմիածնայ Տաճարը, ուր հայկական ծէսին ամբողջ շքեղութեամբ կը մատուցուէր Նոր Տարուան առաջին Սբ.Պատարագը։ Դասին մէջ, Վազգէն Ա.ի Գահին աջ կողմը դրուած էր ուրիշ Գահ մը Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ համար։ Անզուգական Լուսինէ Զաքարեանին հոգեթով ձայնով եւ Սբ. Գայիանէ Եկեղեցւոյ արական երգչախումբին կատարմամբ հնչող Կոմիտասեան շարականները աւելի հոգեպարար կը դարձնէին արարողութիւնը։ Չեմ գիտեր թէ Ամեն.Հոգեւոր Տէրը որքա՜ն յուզուեցաւ երբ սարկաւագները, յիշելէ ետք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա. Վեհափառը, բուրվառները ուղղելով նաեւ դէպի Ամեն. Հոգեւոր Տէրը, մաղթանքներ բարձրացուցին «վասն Հայրապետին մերոյ Տեառն Յովհաննու Պետրոսի ԺԸ. Պատրիարքին Կաթողիկէ ամենայն Հայոց»։ Չեմ գիտեր, որովհետեւ Ան գլուխը խոնարհած պահեց հոգեպարար արարողութեան գրեթէ ամբողջ տեւողութեան։ Բայց Անոր յուզումը ակներեւ էր երբ Պատարագէն ետք, Վեհարանին մէջ, Նոր Տարուայ ագապի սեղանին շուրջ համախմբուած Էջմիածնայ Միաբանութեան անդամներուն եւ պաշտօնական հիւրերու ներկայութեան խօսք առնելով, ըսաւ.- «Վեհափառ Տէր, որպէս արտայայտութիւն մեր խորին շնորհակալութեան Ձեր եղբայրական անվերապահ վերաբերումին մեզի հանդէպ՝ այս ասպնջական յարկին տակ, որպէս հաւաստիք սիրոյ եւ եղբայրութեան մեր երկու Եկեղեցիներուն միջեւ ստեղծուած այս սիրալիր յարաբերութեանց, թոյլ տուէք որ Ձեզի նուիրեմ այս ոսկեայ Խաչը, թէեւ Ձեր Խաչը արդէն ծանրաբեռ է։ Բայց Խաչը նաեւ նշան է յաղթութեան եւ փառքի։ Այս լանջախաչը կրած է Երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեանը, որուն համար՝ «ամէն մէկ Հայ բեկոր մըն է Հայաստանի»։ Զայն կը նուիրեմ իմ եւ շքախումբիս սիրելի անդամներուն անունով, Լիբանանի եւ աշխարհասփիւռ մեր Համայնքին զաւակներուն անունով։ Մաղթանքս ու աղօթքս է. «Ո՛վ Աստուած, երկար կեանք տուր Հայրապետիս, երկար օրեր սիրելի Հօր»։

3 Յունուար 1989, Երեքշաբթի։

Ալեհեր Հայրապետը արթնցած էր սովորականէն կանուխ ողջերթ մաղթելու համար Գասպարեան Հոգեւոր Տիրոջ։ Յուզուած էին երկու Հայրապետները։ Բայց տխուր չէին, ուրախութեան նշոյլ մը կար անոնց յուզումին մէջ, որովհետեւ անոնք իրարմէ հրաժեշտ առին դարձեալ իրարու հանդիպելու մաղթանքով, այս անգամ սակայն ուրախ առիթներով։
Երկու Հայրապետներուն մաղթանքը իրենց յաջորդներուն ուղղուած պատգամ մը եղաւ։
Պէյրութ վերադարձին, Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ դէմքէն փարատած էր նախորդող օրերու տխրութիւնը, բայց չէր փարատած Հայաստանի երկրաշարժի աղէտահարներու մասին անոր մտահոգութիւնը, զոր փոխանցեց զինք դիմաւորողներուն։

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
25 Յունուար 2011








All the contents on this site are copyrighted ©.