2011-02-26 12:46:08

Ֆիլիփ Քրաուլի։ Միացեալ Նահանգներ Կ՛ուզեն Կովկասեան Շրջանի Երկիրներու Միջեւ Բնականոն Յարաբերութիւններ։


Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ֆիլիփ Քրաուլի երէկ Ուաշինկթընի մէջ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ճէյմս Սթայնպըրկի եւ արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ֆիլիփ Կորտընի՝ Կովկաս կատարած այցելութեան նպատակն էր քաջալերել շրջանի երկիրները ՝՝գտնելու լուծումներ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններուն ՝՝։
Ըստ անոր, Միացեալ Նահանգներ կ՚ուզեն, որ շրջանի երկիրները լուծեն իրենց խնդիրները, բանան սահմանները եւ աւելի բնականոն յարաբերութիւններ հաստատեն։ Ատիկա էր պատճառը, որ Ուաշինկթըն ջանքեր կը գործադրէ Ժընեւի եւ այլ վայրերու մէջ՝ յառաջընթաց արձանագրելու համար։ Ան ընդգծեց, որ հայ-թրքական հաշտեցման հոլովոյթը վերջին տարուան ընթացքին կանգ առած է։

Իսկ «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» թրքական հեռուստակայանի համաձայն Հիլարի Քլինթըն մարտի երկրորդ կիսուն Թուրքիա իր այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։







All the contents on this site are copyrighted ©.