Այսօր հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցի համաձայն կը յիշատակուի Ս. Սահակի եւ Յովսէփի տօնը։ Ս
Սահակ Պարթեւ հայ ազգի մեծագոյն հայրապետներէն մին էր՜ Ան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի տոհմէն
Մեծն Ներսէս կաթողիկոսի որդին էր։ Անոր ապրած կեանքի, վարած հայանպաստ քաղաքականութեան
մասին մանրամասն տեղեկութիւններ կը հաղորդէ հինգերորդ դարու պատմիչ՝ Ղազար Փարպեցին՝
իր «Հայոց պատմութիւն» աշխատութեան մէջ։ Սահակ Պարթեւ հայրապետ ծնած է Կեսարիա, 384
թուականին։ Սուրբը կը ստանայ յունական կրթութիւն եւ կը դառնայ հմուտ՝ ժամանակակից երաժշտական
ու հռետորական արուեստին եւ փիլիսոփայութեան։ Ս. Սահակ կ’ապրի իր հօր հոգածութեան ներքեւ։
Թէեւ քաջ գիտակ էր յունարէն, ասորերէն եւ պարսկերէն գրականութեան, բայց աւելի խելամուտ
էր Սուրբ Գիրքի ընթերցանութեան։ Կը սիրէր աղօթել եւ լեցուն էր Աստուծոյ հոգիով ու շնորհներով։
Չափահաս դառնալէն ետք շրջապատը կը ստիպէ, որ Ս. Սահակ Պարթեւ մնայ աշխարհական, որպէսզի
շարունակուի Լուսաւորիչի տոհմը։ Ան յաճախ Աստուծմէ կը խնդրէր, որ իրեն արու զաւակ մը
պարգեւէ։ Սակայն կը ծնի Սահականուշը։ Վաղարշապատ մայրաքաղաքի մայր եկեղեցւոյ մէջ Աւագ
հինգշաբթի օր, պատարագի ընթացքին, Ս. Սահակ, որպէս սարկաւագ պէտք էր սպասաւորէր։ Պատարագի
աւարտին, երբ ան նստած էր Ս. սեղանին մօտ, վրան թմրութիւն մը կու գայ ու Տէրը ցոյց կու
տայ ապագային կատարուելիք դէպքերը։ Տեսիլքէն ետք, Աստուծոյ հրեշտակը լուսաւոր մարդու
կերպարանքով կ’երեւի եւ կը յայտնուի, որ պիտի դադրի Լուսաւորիչի տան քահանայապետութիւնը,
իսկ Արշակունեաց թագաւորութիւնն ալ պիտի խափանուի։ Ս. Սահակ կը նուիրուի քահանայապետական
կարգին եւ միաժամանակ կը հոգայ եկեղեցւոյ պէտքերը։ Իր Սահականուշ դուստրն ալ կնութեան
կու տայ Համազասպ Մամիկոնեանին։ 387-ին կը ձեռնադրուի կաթողիկոս։ Հակառակ տիրող քաղաքական
անբարենպաստ պայմաններուն՝ հայոց Վռամշապուհ թագաւորին եւ Ս. Սահակ կաթողիկոսին համատեղ
ջանքերով երկիրը կ’ապրի խաղաղութեան մէջ ու կը բարգաւաճի։ Վռամշապուհ բարեպաշտ թագաւորին
օգնութեամբ ձեռնամուխ կ’ըլլայ բազմաթիւ վանքեր ու եկեղեցիներ կառուցելու եւ միաժամանակ
կը նորոգէ Ս. Հռիփսիմեանց վկայարանը։ Ս. Սահակի հայրապետական եւ վարչական գործունէութեան
հետ զոյգ կ’ընթանայ իր գրական եւ կրթական գործունէութիւնը, որովհետեւ հաւասարապէս անմոռաց
մնաց իր անունը ազգային պատմութեան մէջ եւս։ Ինքն էր որ հայ գիրերու գիւտին ձեռնարկը
հովանաւորեց Վռամշապուհի հետ. ինքն էր, որ յետոյ, իր յունարէնագիտութեան եւ երաժշտական
ու հռետորական արուեստներուն եւ փիլիսոփայութեան խոր հմտութեան շնորհիւ, մեծապէս օգնեց
հայ այբուբենը դասաւորելու գործին. ինքն էր, որ Աստուածաշունչի «փութանակի» կատարուած
թարգմանութիւնը սրբագրաբար յունարէնի համեմատ վերակազմելու ձեռնարկին հիմը դրաւ. ինքն
էր, որ «Եկեղեցական գրոց գումարութիւնը»՝ ըստ Կորիւնի, այսինքն՝ Ժամագիրքը, Պատարագամատոյցը,
Մաշտոցը եւ այլն, ինչպէս նաեւ «Ճշմարիտ իմաստութիւն»ը, այսինքն՝ Ոսկեբերանի, Եփրեմի,
Բարսեղ Կեսարացիի գործերը թարգմանեց, միեւնոյն ատեն եկեղեցական կանոններ եւ քանի մը շարականներ
ալ գրելով, եւ այսպէս, թէ՛ եկեղեցական մատենագրութեան եւ թէ՛ ազգային դպրութեանց հիմնադիր
հանդիսացաւ։ Իր արդիւնաւոր կեանքը կնքեց 437-ին, 89 տարեկանին, Բագրեւանդի Բլուր գիւղին
մէջ։ Մարմինը Բագրեւանդէն Տարօն տարուեցաւ Վարդանի կնոջ՝ Դստրիկի ձեռքով եւ հոն ամփոփուեցաւ,
յԱշտիշատ, ուր քանի մը տարի վերջ անոր գերեզմանին վրայ շինուեցաւ շքեղ եկեղեցի։