2011-02-26 13:04:31

Պենետիկտոս ԺԶ Պատգամը Քահանայապետական Կեանքի Ակադեմեայի Ընդհանուր Նիստի Մասնակցողներուն


Նորին Սրբութիւնը հանդիպելով Քահանայապետական Կեանքի Ակադեմեայի տարեկան ընդհանուր նիստի մասնակցողներուն անոնց յղեց պատգամ մը՝ ուր շեշտը դրաւ մարդկային բարոյական խղճմտանքի վրայ։
<<Բարոյական խղճմտանքը - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը - պարտականութիւնը ունի զանազանելու չարը բարիէն։ Բարոյական խղճմտանքը պատեհական արժէք մը չէ եւ չի պատկանիր միայն քրիստոնեայ եւ հաւատացեալ ժողովուրդին այլ առանձնաշնորում մըն է տրուած ամէն մարդու >>։
Ապա Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց բժիշկները աւելի պատասխանատու կերպով մօտենալու կարգ մը հարցերուն, մանաւանդ վիժումի պարագային. ՜՜Թէեւ - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը - այս պատասխանատութիւնը չի հայիր միայն բժշկական ասպարէզին, սակայն ամբողջ հասարակութիւնը պէտք է պաշտպան կանգնի <<Կեանքի իրաւունքին>>։
Պենետիկտոս ԺԶ սրբազան Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց հրաւիրելով ներկաները ՜՜ ողջ պահելու ծառայութեան հոգին՝՝ որ միտքերն ու սիրտերը կը մղէ հասկնալու մարդկութեան պահանջքները։ Ապա նորին սրբութիւնը բոլորին վրայ ջամբեց իր օրհնութիւնը








All the contents on this site are copyrighted ©.