2011-02-25 13:36:02

Վատիկանի Մէջ Մարոնիներու Պատրիարքը Կարտ. Սֆէյր Այսօր Կը Հանդիպի Սրբազան Քահանայապետին։


Մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքը այսօր Վատիկանի մէջ պիտի ընդունուի Պենետիկտոս ԺԶ. պապին կողմէ։
Հայր Ապտօ Ապու Քասըմ՝ պատասխանելով այս ՜՜Հանդիպումին՝՝ մասին հարցումի մը ըսաւ թէ՝ ինք կը նախատեսէ, որ Սրբազան Հայրը Սֆէյր Պատրիարքին հետ քննարկէ վերջինիս հրաժարականին հարցը։
Հայր Ապու Քասըմ ընդգծեց, որ Սֆէյր պատրիարքը ազատ կամքով՝ եւ ինքն է որ որոշած է ներկայացնել իր հրաժարականը։
Միւս կողմէ, անհրաժեշտ է նշել, որ Սֆէյր պատրիարքը Վատիկանի մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ միասնականութեան կոչ ուղղեց մարոնի եպիսկոպոսներուն, որպէսզի անոնք կարենան դիմադրել իրենց սպառնացող ճակատագրական մարտահրաւէրներուն։
Սֆէյր պատրիարքը շեշտեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի մէջ գործադրել քաղաքական տարբեր տեսակէտներ ունենալու իրաւունքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.