Հայազգի Ղեկավար Յովհաննէս Իոաննիսեան Յովհաննէս Իոաննիսեան ծնած էր 1881-ին Շուշիի
մէջ, Ատըրպէճանի վաստակաւոր գործիչ (1938-ին)։ 1900 թուականին աւարտած է Շուշիի ռեալական
դպրոցը, 1910-ին՝ Նովորոսիյսկի համալսարանի բժշկութեան մասնաճիւղը։ Հայրենի քաղաքին մէջ,
զբաղած է բժշկութեամբ եւ երաժշտութեամբ, ան նաեւ եղած է զինուորական նուագախումբի ղեկավար։
1920-ին տեղափուխուած է Պաքու, կազմակերպած է 65 հոգիէ բաղկացած (ժողգործիքներու) ժողովրդական
գործիքներու առաջին ատըրպէճանական պետական նուագախումբը, համերգներով հանդէս եկած է
Անդըրկովկասի եւ Ռուսիոյ մէջ։ Յովհաննէս Իոաննիսեան մասնակցած է Մոսկուայի մէջ կայացած
ատըրպէճանական արուեստի տասնօրեակին 1938-ին։ Ատըրպէճանի մէջ ան նաեւ կազմակերպած
է ժողովրդական գործիքներու կանանց առաջին նուագախումբերը, (1925-ին, 1927-ին եւ 1932-ին)։
Վախճանած է 1938-ին Պաքուի մէջ ( 57 տարեկանին)։