2011-02-24 13:50:37

Քահանայապետական Անուանում


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց գերապայծառ Եուրքովիչը որպէս առաքելական դեսպան Դաշնակցային Ռուսիոյ մօտ։ 58-ամեայ սլովեն դիւանագէտը նախապէս կը պաշտօնավարէր Ուկրանիոյ հանրապետութեան մօտ որպէս առաքելական դեսպան, ան սահուն կերպով 8 լեզուներ կը խօսի ներառեալ ռուսերէնը։ Ան կը յաջորդէ գերապայծառ Մեննինիին, որ 8 տարի Մոսկուա պաշտօնավարեց եւ այժմ առաքելական դեսպանը է Լոնտոնի մէջ։

Իսկ Գերապայծառ Էտուարտ Ժոզէֆ Ադամսը նշանակուեցաւ Յունաստանի նոր առաքելական դեսպան։ Ան մինջեւ օրս կը պաշտօնավարէր որպէս Փիլիպպեան կղզեխումբի առաքելական դեսպան։

Անցեալ 22 փետրուարին Նորին Սրբութիւնը Գերապայծառ Ժոզէֆ Գալաթիբարամպիլը` Հնդկաստանի Կալկաթայի երբեմնի եպիսկոպոսը` անուանեց որպէս Ապաստանեալներու եւ փախստականներու Քահանայապետական Խորհուրդի նոր Քարտուղար։ Գերապայծառ Ժոզէֆ Գալաթիբարամպիլը ծագումով հնդիկ է` ծնած է 1952ին։ Քահանայ ձեռնադրուած է 1978ին։ 2002էն ի վեր ան Կալկաթայի եպիսկոպոսն էր։

Սրբազան Քահանայապետը Գերապայծառ Ժերալտ Սիփրիէն Լագրուան՝ Գէպէքի տեղապահ եպիսկոպոսը անուանեց որպէս Գէպէգի Մէթրոպոլիտ Արքեպիսկոպոս։








All the contents on this site are copyrighted ©.