2011-02-24 14:11:17

Սան Մարինոյի եւ Մոնդեֆելդրոյի Եպիսկոպոսը Ներկայացուց Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Սան Մարինօ Եւ Մոնդէֆելդրօ Կատարելիք՝ Առաքելական Այցելութեան Օրակարգը (Յառաջիկայ 19 Յունիսին)։


Սան Մարինոյի համար պատմական իրողութիւն մըն է։ Այս բառերով գերապայծառ Նէկրի բացումը կատարեց Սրբազան Քահանայապետի Սան Մարինօ եւ Մոնդեֆելդրօ կատարելիք առաքելական այցելութեան օրակարգի ներկայացումին համար մամլոյ ասուլիսին որ տեղի ունեցաւ անցեալ 22 փետրուարին։
Այցելութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հանդիպում պիտի ունենայ երկու Սան Մարինոյի եւ Մոնդէֆելդրոյի հասարակութիւններու հետ ։ Այս այցելութիւնը կը յաջորդէ 30 տարի առաջ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի կատարած հովուական այցելութեան, այս այցելութեան ընթացքին առաւօտեան ժամը 10ին Սէրրավալլէյի մարզադաշտին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. Պատարագ որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը կը տեղափոխուի Վալտրակոնէի շրջանը՝ Սուրբ Յովսէփի տունը, ուրկէ յետ միջօրէին ինքնաշարժով կը տեղափոխուի դէպի Սան Մարինոյի ՜՜Բիացցա Տէլլա Լիպերդա՝՝ հրապարակը ուր հանրապետութեան իշխանութիւնները զինք պիտի դիմաւորեն Պետական Պալատի դրան առջեւ։ Նորին Սրբութիւնը Հադիպում պիտի ունենայ կառավարութեան նախարարներու ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ ապա առանձնական հանդիպում պիտի ունենայ Սան Մարինոյի ղեկավարին հետ որուն ընթացքին տեղի կ՛ունենայ նուէրներու փոխանակում։
Ապա Նորին սրբութիւնը քաղաքական իշխանութիւններու հետ միասին պիտի այցելէ Սան Մարինոյի Պազիլիքան ուր պիտի մեծարէ Սուրբ Մարինոյի մասունքները։ Ժամը 18.30-ին Սրբազան Քահանայապետը ուղաթիռով պիտի մեկնի դէպի Բէննապիլի։ Ժամը 19,15 -ին Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում պիտի ունենայ Սան Մարինոյի եւ Մոնդէֆելդրոյի երիտսարդներուն հետ որուն աւարտին ինքնաթիռ պիտի վերադառնայ Վատիկան։







All the contents on this site are copyrighted ©.