2011-02-24 14:00:40

Նորին Սրբութիւնը Ընդունեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Տիար Միշել Սլէյմանը։


Հինգշաբթի 24 փետրուար 2011-ին, Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Լիբանանի Նախագահը՝ Տիար Միշել Սլէյման, որ Հռոմ ժամանած էր մասնակցելու՝ Մար Մարունի յուշարձանի պաշտօնական բացման արարողութեան որ տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի 23 փետրուարի առաւօտեան ժամը 10.15 անց։
Մար Մարունի մահուան 1600-ամեակին առիթով կառուցուած յուշարձանին բացումը կատարեց Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը։
Յուշարձանի պաշտօնական բացումէն ետք հրաւիրեալները մասնակցեցան` Ս. Պետրոս Մայր տաճարի մէջ, Ս. պատարագին նախագահութեամբ՝ Կարտինալ Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքին, որ իր իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Մար Մարունի կեանքին եւ մարոնի համայնքին պատմութեան՝ նշելով մարոնիներուն դիմագրաւած դժուարութիւններն ու հարցերը եւ աղօթելով առ Աստուած, որ ան իր բարիքները շնորհէ մարոնի համայնքի զաւակներուն, ուր որ ալ ըլլան անոնք։
Իր կարգին, Պենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը մաղթեց, որ խաղաղութիւն տիրէ Լիբանանի մէջ , եւ համերաշխութիւն՝ անոր բոլոր համայնքներու զաւակներուն միջեւ։
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ներկայ գտնուեցաւ ճաշկերոյթի մը, որ սարքուեցաւ Վատիկանի մէջ մարոնի համայնքին պատկանող արտերկրի լիբանանցիներու հիմնարկին կողմէ։
Ճաշկերոյթին ընթացքին, նախագահ Սլէյման իր արտասանած խօսքին մէջ հաստատեց, որ հարկ է Մար Մարունի յուշարձանին բացումը իմաստներու վերածել ու անոնցմէ օգտուիլ եւ ոչ թէ պարզապէս ձեռնարկի մը սահմաններուն մէջ սահմանափակել զայն։
Ան շեշտեց, որ այդ յուշարձանին բացումը պէտք է ծառայէ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ համերաշխութեան եւ կայունութեան երաշխաւորման, յատկապէս իսլամ - քրիստոնեայ մերձեցումը ամրապնդելու իմաստով։
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ հարկ է հանդուրժողականութիւն ցուցաբերել եւ յարգել ուրիշներուն գաղափարները, որքան ալ տարբեր ըլլան անոնք։ Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանը պէտք է շարունակէ գոյատեւել իբրեւ երկխօսութեան, ժողովրդավարութեան եւ իսլամ - քրիստոնեայ գոյակցութեան երկիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.