2011-02-24 14:26:49

Հոգեհանգստեան Ս Պատարագ՝ Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս 18-րդ Գասպարեան՝ Վաստակաւոր Կաթողիկոս Պատրիարքի Մահուան Քառասունքի Առթիւ։


Հայ Կաթողիկէ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, (Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ) կիրակի 27 Փետրուար 2011-ին՝ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս 18-րդ Գասպարեան վաստակաւոր կաթողիկոս պատրիարքի մահուան քառասունքին առթիւ Հոգեհանգստեան Պատարագներ տեղի կ՝ ունենան։ Իսկ Պէյրութի մէջ՝ հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ - Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 11.30-ին՝ հանդիսաւոր Ս. Պատարագը եւ Հոգեհանգստեան կարգը կը նախագահէ Ամենապատիւ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը։
Երջանակայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան, եղած է Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարք (1982-1999), Ան ծնած էր Գահիրէի մէջ (Եգիպտոս 20 Յունուար 1927ին եւ իր մահկանացուն կնքեց 16 Յունուար 2011-ին Զմմառու մէջ (Լիբանան)։ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան Հայրապետին մարմինը կը գտնուի Զմմառու Մայրավանքի Եկեղեցւոյ Կաթողիկոսական - Պատրիարքական դամբարանին մէջ ։
Հանգուցեալ կաթողիկոսը՝ Յովհաննէս Պետրոս Գասպարեան իր մահկանացուն կնքեց 84 տարեկանին ։ Ան եղած էր Իր հօտին բարի հովիւը, ու սիրելի հայրը հայ կաթողիկէ համայքի զաւակներուն։
Ան ծնած էր Գահիրէ (Եգիպտոս) 20 Յունուար 1927ին: Դասական ուսումները իր ծննդավայրին եւ ապա Զմմառու մէջ աւարտելէ ետք, ղրկուած էր Հռոմ` Լեւոնեան Ք. Հայ Վարժարան։
Փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան դասընթացքները կատարած էր Հռոմի Գրիգորեան Համալսարանին մէջ, Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 13 Ապրիլ 1952ին։ Ստանձնած էր զանազան պաշտօններ Զմմառու, Հռոմի եւ Գահիրէի մէջ. 1973-ին կ՛ընտրուի Պաղտատի վիճակաւոր. եպիսկոպոսական օծումը կը ստանայ նոյն տարուայ փետրուար 25ին։
Իսկ՝ 1982-ի օգոստոս 6-ին, Հռոմի մէջ գումարուած՝ հայ կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Սիւնոդոսի ընթացքին, ան կ՛ընտրուի՝ ՜՜ յաջորդելու Համայակ ԺԷ Կաթողիկոսի` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքութեան Աթոռին՝՝։ 1999-ին իր հրաժարականը կը ներկայացնէ եւ կը քաշուի Զմմառու Մայրավանք։
Ողբացեալ Կաթողիկոսին յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Շաբաթ 22 Յունուարին Պէյրութի՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ - Ս. Եղիա Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, Ս պատարագ եւ Հանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ Հայոց Հայրապետի հոգւոյն համար , յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ, պետական մակարդակով ներկայութեամբ եկեղեցական ու քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն ու մեծաթիւ բարեկամներու։ Արարողութենէն ետք Հայրապետին մարմինը փոխադրուեցաւ Զմմառու Մայրավանքի Եկեղեցին, ուր ամփոփուեցաւ Կաթողիկոսական - Պատրիարքական դամբարանին մէջ ։
Նշենք որ Հռոմի Ս Նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ Ի Յիշատակ Վաստակաւոր Կաթողիկոս-պատրիարքին, Հոգեհանգստեան հայածէս ձայնաւոր Պատարագ մատոյց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս-Պատրիրարքը առընթերակայութեամբ՝ Արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեանի առաջնորդը Բերիոյ թեմի կաթողիկէ Հայոց եւ արհի. Գրիգոր եպ. Կապրոյեանի Փարիզի առաջնորդին։ Ներկայ էին՝ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի՝ նախագահը Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովին, Հայ եւ Հռոմի բարձրաստիճան Եկեղեցականներ՝ կրօնաւորական Միաբանութիւններու մեծաւորներ ու Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու Մեծաւորուհի՝ Մայր Եւտոքսիա Քէշիշեան եւ Միաբանակից քոյրերը։
Ներկայ էին նաեւ Ս Աթոռի մօտ Լիբանանի դեսպանը, Իտալիոյ մէջ Հայաստանի հիւպատոսը եւ Մակի Պարենամթերային կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի դեսպանը ինչպէս նաեւ հայ ու իտալացի հաւատացեալներ։ Արդարեւ Հանգուցեալ պատրիարքը շատ սիրուած էր բոլորին կողմէ, իր ունեցած ՜՜Գարիզմին՝՝ համար։ Միշտ ժպտադէմ եւ սիրով կը խօսէր ամենափոքր անձէն մինչեւ մեծ անձնաւորութիւններուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.