2011-02-24 14:27:02

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հանդիպումը Քաթարի Իշխանին Հետ։


Ընդառաջելով Քաթարի իշխան՝ Շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Բ-ին, որպէս պետական հիւր, Արամ Ա.կաթողիկոսը, Քաթար իր եռօրեայ այցին՝ 23 փետրուարի առաւօտուն հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի իշխանին հետ։ Հանդիպումին ներկայ էին դպրեվանքի տեսուչ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, գաւազանակիր Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան եւ Լիբանանի դեսպան Հասան Սաատ, իսկ իշխանին կողքին ներկայ էր փոխ վարչապետ Ապտալլա Աթիէ։
Վեհափառը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ուղղուած պետական հրաւէրին համար եւ ապա իշխանին փոխանցեց լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին ողջոյնները, ապա անդրադարձաւ Քաթարի ներկայ դերին եւ դիրքին՝ զոր նկարագրեց երեք բառերով. չափաւորութիւն, երկխօսութիւն եւ զարգացում։ Ապա ան լայնօրէն անդրադարձաւ այն դերին, որ Քաթարը կը խաղայ արաբական, իսլամական եւ միջազգային համայնքին մէջ։ Խօսակցութեան երկրորդ բաժինը կեդրոնացաւ Լիբանանի ու լիբանանահայութեան դերակատարութեան վրայ։ Մօտէն տեղեակ ըլլալով Լիբանանի կացութեան եւ հայ համայնքին, իշխանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ յատկապէս վերջին շրջանին լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ երեսփոխան լիբանանահայութեան դերակատարութեան։ Այս ծիրին մէջ երեսփոխան Բագրատունին յիշեցուց այն դերակատարութիւնը, որ իշխանը ունեցաւ ի նպաստ հայ համայնքին, Տոհայի ժողովին։ Տեսակցութեան վերջին կէտը կը վերաբերէր ընդհանրապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ յատկապէս կազմաւորման ընթացքի մէջ գտնուող Քաթարի հայ համայնքին։ Իշխանը բարձր գնահատանքով խօսեցաւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն բերած կարեւոր նպաստին մասին՝ Քաթարի զարգացման աշխատանքներուն մէջ։ Այս շրջագիծին մէջ վեհափառը առաջարկեց, որ իշխանին բարձր տնօրինութեամբ հողաշերտ մը տրուի հայ համայնքին՝ եկեղեցւոյ ու համայնքային կեդրոնի շինութեան համար, որպէսզի հայ համայնքը ինքզինք կարենայ լաւապէս կազմակերպել, այս խնդրանք-փափաքին Իշխանը ուրախութեամբ ընդառաջեց։ Այցելութեան ընթացքին Արամ Ա. կը տեսակցի պետական իշխանութիւններուն եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, ու նաեւ դասախօսական հանդիպում մը կ՝ունենայ ՝ Ճորճթաուն համալսարանին մէջ:
Յայտնենք, որ Արամ Ա. կաթողիկոս առաջին հոգեւոր պետն է, որ իբրեւ պետական հիւր կը հրաւիրուի Քաթարի իշխանին կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.