2011-02-23 15:54:57

Քրիստոնեաներու Եւ Մահմետականներու Միջեւ Երկխօսութեան Դ. Հաւաքը։


Նախաձեռնութեամբ Սան Էճիտիօ կազմակերպութեան 23 փետրուարին Հռոմի մէջ տեղի կ՛ունենայ Քրիստոնեաներու եւ Մահմետականներու միջեւ երկխօսութեան 4-րդ հաւաքը։
Հաւաքին կը մասնակցին, զանազան երկիրներէ, երկու կրօնները ներկայացնող հոգեւոր, քաղաքական եւ մտաւորական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ ընկերային հաղորդամիջոցներու ներկայացուցիչներ, որոնք միասնաբար պիտի ուսումնասիրեն ընդհանուր ուղեգիծ մը՝ ներդաշնակութեան եւ հասկացողութեան վրայ հիմնուած՝ ապագայի մը համար։
՜՜Համակեցութեան օրակարգ։ Քրիստոնեաներ եւ մահմետականներ միասին ապագայի մը համար՝՝ տիտղոսով այս հաւաքին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Իտալիոյ արտգործ նախարարը՝ ֆրանքօ ֆրադդինին եւ Արեւելեան եկեղեցիներու քարտուղարը՝ Արքեպիսկոպոս Շիրիլ Վազիլը։
Խօսք պիտի առնեն նաեւ Ղպտիներու Պատրիարքը՝ Անթոնիոս Նակիպ, Սուրբ Երկրի Պահակը Հայր Բիէրպադդիսդա Բիցցապալլան, Սիւննիդ Աստուածաբան Մոհամմէտ Էսլիմանի եւ Հալէպի յոյս օրթոտոքս եպիսկոպոսը՝ Փօլ Եազիկի։ Ելոյթ պիտի ունենան նաեւ զանազան լրագրողներ ՜՜Համակեցութեան մշակոյթը՝՝ նիւթին մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.