2011-02-23 14:51:01

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 23 փետրուարին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն խմբուած՝ Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ։
Ունկնդրութենէն առաջ Նորին Սրբութիւնը օրհնեց Մար Մարունի Արձանը զետեղուած Սուրբ Պետրոսի արտաքին մէկ որմնախորշին մէջ։
Նորին Սրբութիւնը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը ՜՜Սուրբերու դերը եկեղեցւոյ մէջ՝՝ նիւթին մասին, ներկայացուց Ռօպերթօ Պելլարմինօ սուրբը, որ ծնած է, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, 1542-ին Սիէնա քաղաքը ու վախճանած 1621-ին Հռոմի մէջ։
Սուրբ Պելլարմինոն մեծ դեր ունեցաւ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, քաղաքական եւ կրօնական տագնապալից մէկ ժամանակաշրջանին։Ան դաստիարակեց Հռոմի վարաժարանին մէջ ուր հրատարակեց իր գրութիւնները։ Ապա Կարտինալական Տիտղոսին արժանացաւ եւ Գաբուայի արքեպիսկոպոսի պաշտօնը վարեց, ուր ի յայտ եկան իր քարոզչական ձիրքերը եւ մարդամօտիկութիւնը։ Որպէս Վարդապետ եւ Եպիսկոպոս ան եղաւ ամենէն առաջ ՜՜ Հովիւ մը՝՝։ Իր վարդապետութիւնը կը հրաւիրէ մեզ, մեր հոգւոյն ամբողջ ուժերը կեդրոնացնելու մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի վրայ զայն ճանչնալով ` սիրելով եւ անոր նմանելով։
Սուրբ Պելլարմինոն մեզի կը ներկայացնէ աղօթք մը կեդրոնացած Աստուծոյ խօսքի ունկնդրութեան եւ խորհրդածութեան վրայ։ Սուրբ Ռօպէրթօ Պելլարմինոյի համար կարելի չէ բարենորոգել եկեղեցին եթէ նախ տեղի չ։ունենայ ներքին անձնական բարենորոգում մը եւ սրտի ապաշխարութիւն։

Այս խորհրդածութեան աւարտին` Նորին Սրբութիւնը` զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները Տիրոջմէն հայցելով որ առաջնորդէ զանոնք իրենց բոլոր կեանքին ընթացքին։ Մասնայատուկ կերպով խօսք մը ուղղեց իտալերէնով <<Պենետիկտեան Ջահ>> ի ընկերացող հաւատացեալներուն ու օրհնեց <<Պենետիկտեան Ջահը>> որ 2011 տարուայ ուխտագնացութիւնը կը կատարէ Մեծն Պրիտանիոյ քաղաքները։Ուխտագնացութիւն մը՝ որ վերջ պիտի գտնէ մարտ 21ին` Սուրբ Պենետիկտոսի անուան տօնին օրը` իր ծննդավայրը եւ մահուան վայր նկատուող Իտալիոյ Նորչա եւ Մոնդէքասսինօ քաղաքներուն մէջ։
Սուրբ Պենետիկտոս՝ ՜՜Եւրոպայի Պաշտպան Սուրբ՝՝ նկատուած է ։
<<Պենետիկտեան Ջահը>> մարտ 2- ին կը փոխադրուի Լոնտոն, ու Վէսդնմինդէրի Աբբայարանի մէջ, համամիութենական հանդիպումի մը ընթացքին, պիտի վառուի ի ներկայութեան Նորչայի եւ Մոնդէքասսինիի ներկայացուցիչ եկեղեցականներուն, որոնց շարքին նշենք Սբոլէթոյի եւ Նորչայի Արքեպիսկոպոսը՝ Գերապայծառ Րէնաթօ Պոգգարտոն եւ Նորչիայի մենաստանի Աբբահայրը՝ Հայր Գասեան ֆոլսոմ։

Ունկնդրութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը` քաջալերական խօսք մը ուղղեց երիտասարներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, հայցելով Սուրբ Բոլիգարփոյի բարեխօսութիւնը ու ապա ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։









All the contents on this site are copyrighted ©.