2011-02-23 15:56:34

Նոր Զելանտայի Ուժգին Երկրաշարժը Առնուազն 75 Զոհեր Կը Պատճառէ։ Սրբազան Քահանայապետի Խոր Կսկիծը Երկրաշարժի Զոհերուն Համար։


6.3 Ռիխթըր-ի ուժգնութեամբ երկրաշարժը , երէկ տեղական ժամով՝կէսօրուան մօտ հարուածեց Նոր Զելանտայի Քրայսթ-չըրչ քաղաքը։ Նոր Զելանտայի վարչապետ Ճոն Քի յայտնեց, որ բնութեան աղէտին պատճառով արձանագրուած են առնուազն 75 զոհեր եւ կան նաեւ աւելի քան 300 կորսուած անձեր։ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ յանուն Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Քրայսթ-չըրչ քաղաքի եպիկոպոս Պէրրի Ճոնս-ի յղած հեռագրին մէջ կը յայտնէ Սրբազան Հօր ցաւակցութիւնները աղէտալի երկրաշարժի զոհերուն համար,արտայայտելով միաժամանակ Նորին Սրբութեան խոր կսկիծը,զօրակցութիւնը եւ մօտիկութիւնը բոլոր անոնց որոնք տուժեցին ողբերգական այս երկրաշարժէն եւ կուլան իրենց հարազատներուն համար։ Յանձնելով երկրաշարժի զոհերը ՝՝Աստուծոյ ողորմած սիրոյն՝՝ Քահանայապետը կ՝ապահովցնէ իր աղօթքները Քրայսթ-չըրի բնաչկութեանց եւ Նոր Զելանտայի Ազգին։








All the contents on this site are copyrighted ©.