2011-02-23 15:54:11

ՄԱՐ ՄԱՐՈՆԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՊԵՆԵՏԻԿՏՈՍ ԺԶ ՍՐԲԱԶԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻ ԿՈՂՄԷ ։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը այսօր Չորեքշաբթի 23 փետրուար, նախ քան Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը, գնաց օրհնելու Մար Մարոնի Յուշարձանը որ զետեղուեցաւ Սուրբ Պետրոս Տաճարի արտաքին պատի մէկ որմնախորշին մէջ։ Մար Մարոնի Յուշարձանի օրհնութեան արարողութեան ներկայ եղան Լիբանանի հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Միշէլ Սըլէյման , Մարոնիներու Ըսֆէյր Պատրիարքը ինչպէս նաեւ Լիբանանի բոլոր Դաւանանքերը ներկայացնող խումբ մը Լիբանանցի նախարարներ,ու Վատիկանի Պետական Քարտուղար Թարչիզիօ Պերթոնէ, Կարտինալ Անճէլօ Գոմասդրի եւ Կարտինալ Ակօսթինօ Վալլինի։
Մարոնի Եկեղեցւոյ հիմնադիր Մար Մարոն կրօնաւորը Սուրիացի է եւ ապրած՝4-եւ 5րորդ դարերու միջեւ։ Քահանայ ձեռնադրուելէ եւ միայնակեաց կեանք ընտրելէ յետոյ ,կ՝առանձնանայ Թաուրօ լեռներու բարձունքը։ Ան իր ճգնողական կեանքի ոճովը,ու իրեն վերագրուած մարմնական ու հոգեկան բուժումներով բազմաթիւ հետեւորդներ ունէր, որոնք անոր ճգնարանը կ՝երթային զայն պատուելու,եւ այսպէս է որ կազմուեցաւ Մարոնի Եկեղեցւոյ առաջին կորիզը, յատուկ օրէնքներով հասարակութիւն մը ՝Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ծոցը,սկիզբէն ի վեր հաղորդութեան մէջ Հռոմի Եկեղեցիին հետ ։
Մարոնի Եկեղեցին ներկայ է Լիբանանի,Սուրիոյ,Եգիպտոսի,Սուրբ Երկրի եւ սփիւռքի Երկիրներուն մէջ։ Մար Մարոն կը վախճանի 410 թուականներուն,եւ երանաշնորհ ճգնաւորը հաւանաբար կը թաղուի Պրատ,ուր կը կառուցուի մեծ եկեղեցի մը պահպանելու համար կրօնաւորին մարմինը։ Մար Մարոնի գանկը ապա կը փոխադրուի Աբամէա (Սուրիա) եւ կը պահուի Պէիթ-Մարոնի մեծ վանքին մէջ։ Ապա գանկի մասունքը հալածանքներու հետեւանք կը տարուի Պըքրքէ ուր կը մնայ մինչեւ 1130,երբ Իտալիոյ ֆոլինիօ քաղաքի Սասսովիվօ Աբբայարանի վանահայրը որպէս ուխտաւոր կը գտնուէր Սուրբ Երկիր զայն կը փոխադրէ իր վանքը։ Եւ սոյն Վանքէն 1490ին մասունքը կը փոխադրուի ֆոլինիոյի Սան ֆէլիչիանօ Աթոռանիստ Եկեղեցին եւ ուր կը պահպանուի ու կը մեծարուի մինչեւ այսօր։
Մար Մարոնի Յուշարձանը գործն է սպանացի քանդակագործ Մարքօ Աուկուսթօ Տուէնաս-ի։
Յիշենք որ 19 Յունուար 2005-ին երջանկայիշատակ ՅՊԲ.Քահանայապետը բացումը կը կատարէր Հայ Ազգի Մկրտիչը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի արձանին,զետեղուած Սուրբ Պետրոսի հոյակերտ Տաճարի քովընտի արտաքին պատի որմախորշին մէջ ։ Հայ Ազգի Լուսաւորիչի արձանը գործն է տաղանդաւոր քանդակագործ պէյրութահայ Խաչիկ Գազանճեանի եւ ունի 5 մէթր 64 սանթիմ բարձրութիւն ,եւ թէ արձանի մարմը Իտալիոյ նշանաւոր Գարրարա-ի ՝՝Միքելանճէլոյի՝՝ անուան քարահանքէն է, որով նաեւ շինուած է աշխարհածանօթ PIETA-ի արձանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.