Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչումը հարուածելու
Զեկուցում Մը Պատրաստած Է։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ձեռնարկած է Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային
ճանաչման աշխատանքներուն հակահարուած տալու աշխատանքի։ Թրքական «Սթար» օրաթերթը կը հաղորդէ,
որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս հարցով միջազգային հանրութեան իր տեսակէտը
ներկայացնելու համար պատրաստած է «հայկական զեկուցում» մը՝ «1915-ի իրադարձութիւնները»
խորագիրով։ Թրքերէնով եւ անգլերէնով զեկուցումը ուղարկուած է բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններու։ 7
էջնոց զեկուցումին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը որակուած է իբրեւ «ցաւալի իրադարձութիւններ»։